Ֆրանսայի Մէջ Ուսանողները Կրնան Իրենց Դասախօսներուն Գնահատականներ Դնել
«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ կը մշակուի նոր օրինագիծ մը, ըստ որուն, բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններու ուսանողները կարելիութիւն պիտի ստանան իրենց դասախօսներուն գնահատականներ դնել:
Այս նախագիծին նպատակն է կատարելագործել Ֆրանսայի կրթական համակարգը: Աշխատանքի այս ձեւը արդէն բաւական յաջող կերպով կը կիրարկուի բարձրագոյն ուսմանց անգլիական հաստատութիւններուն մէջ:
Դասախօսներու աշխատանքը գնահատելու կարելիութիւնը ուրախացուցած է ոչ միայն ֆրանսացի ուսանողները, այլ նաեւ դասախօսական անձնակազմը: Դասախօսներուն կարծիքով, այդ նորութիւնը պիտի նպաստէ իրենց` աշխատանքային առումով ինքնակատարելագործման:
Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը յայտարարած է, որ թէեւ օրէնքի նախագիծը ակնյայտ առաւելութիւններ ունի, սակայն բարձրագոյն ուսմանց որոշ հաստատութիւններու չափազանց դժուար պիտի ըլլայ համոզել, թէ այդ օրինագիծը իսկապէս օգտակար է:

