2012-ին Աշխարհի Վրայ Անգործներուն Թիւը Բարձրացած Է

ՄԱԿ-ի Միջազգային աշխատանքի կազմակերպութիւնը հաղորդեց, որ 2012-ին աշխարհի վրայ աշխատանքի տարիքի մէջ եղողներուն 6 առ հարիւրը առանց աշխատանքի էր:

Կազմակերպութիւնը զգուշացուց, որ 2012-ին աշխարհի տարածքին անգործներուն թիւը չորս միլիոնով բարձրացած է եւ հասած 197 միլիոնի, աւելի՛ն` կը նախատեսուի, որ այդ թիւը աճի:

Միջազգային աշխատանքի գործակալութիւնը զեկուցում մը հրապարակելով յայտնեց, որ տիրող կացութեան մէջ ամէնէն շատ տուժողները երիտասարդներն են: Աշխարհի տարածքին 24 տարեկանէն վար եղողներուն շուրջ 13 առ հարիւրը անգործ է:

Կը նախատեսուի, որ համաշխարհային անգործութիւնը այս տարի 5.1 միլիոնի աճ արձանագրէ, իսկ 2014-ին` երեք միլիոնի:

Զեկուցումը կը նշէ, որ տիրող կացութեան ուղղութիւնը տնտեսական աճի անկումը կ՛արտացոլէ: Այդ մէկը մասնաւորաբար ճիշդ է զարգացած երկիրներուն պարագային:

Զեկուցումը կը հաղորդէ, որ երկարատեւ անգործութիւնը աճ կ՛արձանագրէ եւ Եւրոպայի մէջ անգործներուն մէկ երրորդը աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր առանց գործի եղած է: Շատեր կը յուսահատին եւ շուրջ 39 միլիոն անձեր հեռացած են աշխատանքի շուկայէն:

Զեկուցումը կոչ կ՛ուղղէ արհեստագէտներու պատրաստութեան համար յաւելեալ ֆոնտեր յատկացնելու, որպէսզի երիտասարդները շուկային վրայ բաց եղող աշխատատեղիները գրաւելու պատրաստ ըլլան:

Միջազգային աշխատանքային կազմակերպութիւնը նշեց, որ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Զուիցերիոյ նման աշակերտութիւնը պահպանած երկիրներու մէջ երիտասարդներու անգործութեան համեմատութիւնը աւելի ցած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES