Մեքսիքոյի Իշխանութիւնները Որոշած Են Կազմաքանդել Հայտար Ալիեւի Արձանը
Մեքսիքայի մայրաքաղաք Մեքսիքոյի իշխանութիւնները վերջնականապէս որոշած են կազմաքանդել Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի արձանը:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մեքսիքոյի քաղաքապետ Միկել Մանսերա երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Ալիեւ աւագի արձանը պիտի հանուի մայրաքաղաքի կեդրոնական զբօսայգիէն ու «այլ վայր» մը պիտի տեղափոխուի: «Թէ ո՛ւր պիտի տեղափոխուի անիկա, յստակ պիտի դառնայ այս շաբթուան ընթացքին», յայտարարած է քաղաքապետը:
Ալիեւ աւագի պրոնզէ արձանը «Ռեֆորմա» զբօսայգիին մէջ տեղադրուած էր ամիսներ առաջ: Մեքսիքայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը համաձայնելով հինգ միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ վերանորոգման աշխատանքներ կատարել զբօսայգիին մէջ` իրաւունք ստացած էր այնտեղ տեղադրել Հայտար Ալիեւի արձանը:
Ազրպէյճանի երրորդ նախագահին արձանը իրաւապաշտպաններու եւ մայրաքաղաքի բնակչութեան զայրոյթը յառաջացուցած էր: Անոնք դժգոհ էին, որ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ Մահաթմա Կանտիի (Հնդկաստանի քաղաքական, հոգեւոր ղեկավար, 1869-1948) եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի (1809-1865) արձաններուն կողքին կը կանգնի բռնապետ Ալիեւի արձանը:
Քաղաքապետարանը որոշած էր յանձնախումբ ստեղծել` բողոքներն ու դժգոհութիւնները քննելու համար: Երեք գրողէ ու մէկ վերլուծաբանէ բաղկացած յանձնախումբը նոյեմբերին քաղաքային իշխանութիւններուն առաջարկած էր կազմաքանդել արձանը` նշելով, որ իշխանութիւնները սխալ գործած են` «գումարի դիմաց թոյլ տալով, որ օտարերկրեայ կառավարութիւն մը որոշէ, թէ որո՛ւն արձանը պէտք է բարձրանայ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ»:
Քաղաքապետ Մանսերա աւելցուցած է, որ կազմաքանդման որոշումը որդեգրած է` հաշուի առնելով յանձնախումբի եզրակացութիւնը, ինչպէս նաեւ բնակիչներու եւ իրաւապաշտպաններու դժգոհութիւնները:
Աւելցնենք, որ ազրպէյճանական կողմը բազմիցս յայտարարած է, որ արձանի կազմաքանդման պարագային պիտի խզէ Մեքսիքայի հետ դիւանագիտական իր յարաբերութիւնները եւ պիտի կասեցնէ ներդրումային բոլոր ծրագիրները:


