Փարիզի Սպանութեանց Հարցով Ֆրանսական Բացայայտումներէն Ետք Թուրքիոյ Մտահոգութիւնները Մեղմացած Են

Էօմեր Կիւնէյ

«Հիւրրիյեթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ Փարիզի մէջ քիւրտ կին գործիչներու սպանութեան հարցով կասկածելիին հաւանական կապերուն շուրջ իրենց հետաքննութիւնները աշխուժացուցած են:

Դիւանագիտական աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ «ֆրանսական ոստիկանութեան բացայայտումները եւ դատախազին համապարփակ յայտարարութիւնը մտահոգութիւնները կը փարատեն: Անոնք մասամբ ցրուած են ամպերը, սակայն կասկածելիին կապերուն շուրջ յաւելեալ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է»:

Աղբիւրներ նաեւ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ թրքական եւ ֆրանսական արտաքին գործոց նախարարութեանց եւ գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ տեղեկութեանց փոխանակում մը տեղի կ՛ունենայ:

Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը իր կարգին դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:

Ֆրանսացի դատախազ Ֆրանսուա Մոլեն յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 20-ամեայ Էօմեր Կիւնէյը, որ երեք քիւրտ կին գործիչներու սպանութեան գլխաւոր կասկածեալն է: Կը կարծուի, որ Կիւնէյ երկու տարի առաջ անդամագրուած է ՔԱԿ-ի, թէեւ վերջինս հերքեց այդ տեղեկութիւնը:

Քարայըլան Կը Հերքէ

ՔԱԿ-ի աւագ ղեկավար Մուրաթ Քարայըլան «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «ատիկա սխալ տեղեկութիւն է: ՔԱԿ Եւրոպայի մէջ մարդիկ չի զինուորագրեր: Ո՛չ մենք, ո՛չ ալ Եւրոպայի մէջ մեր կառոյցը այս անձը կը ճանչնայ»: Քարայըլան ըսաւ, որ Կիւնէյ կրնայ Եւրոպայի մէջ քրտական կարգ մը կազմակերպութիւններու մէջ գործիչ ըլլալ, «սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ ՔԱԿ-ի անդամ է»:

«Մեր նախնական հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ Էօմեր Կիւնէյ կոչուած այս անձը կարգ մը խաղաղ զանգուածային ցոյցերու մասնակցած է եւ քրտական ընկերակցութեան կ՛այցելէր», ըսաւ ան: Ըստ Քարայըլանի, զինուորական մարզում չունեցող անձ մը անկարելի է, որ այսպիսի արհեստավարժ սպանութիւն կատարէ:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներու հետաքննած դիպաշարերէն մէկը ծագումով սուրիացի, ՔԱԿ-ի բարձրաստիճան անդամ եւ կազմակերպութեան մէջ սուրիական վարչակարգի կամակատարը նկատուող Պահոզ Էրտալի հաւանական դերակատարութեան հետաքննութիւնն է, որովհետեւ թուրք-սուրիական լարուածութեան գագաթնակէտին տեղի ունեցած շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ կը կարծուին իր հրամանով տեղի ունեցած ըլլալ:

Կիւնէյի Ընտանիքը Եւս Կը Հերքէ

Կիւնէյի հօրեղբայրը` Զեքայի Կիւնէյ, որ Թուրքիա կը բնակի, հերքեց այն պնդումները, թէ իր եղբօրորդին ՔԱԿ-ի անդամ է: «(Կարգ մը մարդիկ) կը փորձեն պատասխանատուութիւնը անոր ուսերուն բեռցնել», ըսաւ ան:

«Չկրցայ եղբօրս հետ խօսիլ: Կ՛ուզեմ, որ թուրք պաշտօնատարները եղբօրս եւ իր ընտանիքին անվտանգութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտ քայլերուն դիմեն: Ամէն օր իրեն կը հեռաձայնէի, սակայն չկրցայ իրեն հետ կապ հաստատել», ըսաւ Զեքայի Կիւնէյ: Կիւնէյի ընտանիքը կը բնակի Ֆրանսայի Կարժ-լէ-Կոնես շրջանին մէջ:

Էրտողան Կ՛ողջունէ Ֆրանսացի
Դատախազին
Յայտարարութիւնը

Դատախազ Ֆրանսուա Մոլեն

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դրական կերպով հակազդեց ֆրանսացի դատախազ Ֆրանսուա Մոլենի յայտարարութեան, որովհետեւ անիկա կը հակասէր քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ու ՔԱԿ-ի այն կարծիքին, թէ «թրքական ուրուային պետութիւնը» կրնայ դէպքին առնչուած ըլլալ:

«Դէպքէն անմիջապէս ետք պետութիւնն ու կառավարութիւնը այպանելը անսկզբունք քաղաքականութեան ցուցանիշ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «անոնք, որոնք այս դէպքին համար թրքական կառավարութիւնն ու պետութիւնը քննադատած են, ամօթ պիտի զգան եւ ներում պիտի հայցեն, երբ այս դէպքին ծալքերը բացայայտուին»:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ դժգոհութիւն յայտնեց ֆրանսացի դատախազին յայտարարութեան առնչութեամբ եւ ըսաւ, որ հետաքննութիւնները տակաւին վերջնականացուած չեն: «Բացայայտուած տեղեկութիւնը գոհացուցիչ չէ: Մենք կ՛ուզենք, որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի, ինչպէս նաեւ դէպքին ետին կանգնող իսկական ուժերը:  Ֆրանսական կողմին պարտաւորութիւնն է այս դէպքը իր բոլոր կապերով բացայայտել»:

Ան նաեւ թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց այս հարցը արծարծելու եւ դիւանագիտական եւ տեղեկահաւաքի ամէն ձեւի դիմելով այս դէպքին ծալքերը բացայայտելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )