Պատասխանելով Բրիտանիոյ Դեսպանի Յայտարարութեան` «ՀՅԴ-ն Իր Որոշումը Հանգամանօրէն Մեկնաբանած Է» Յայտարարեց Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լինչ նախապէս իր անձնական պլոկին մէջ գրած էր, թէ կը ցաւի, որ Հայաստանի խորհրդարանի երեք հիմնական ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն որեւէ մէկը սեփական թեկնածու չառաջադրեց նախագահական ընտրութիւններուն եւ նաեւ որեւէ մէկուն չեն աջակցիր:

«Ի՞նչ է այս կուսակցութիւններուն չմասնակցելու պատճառը` տնտեսական խնդիրնե՞րը, թէ՞ արդար արդիւնքի նկատմամբ հաւատքի բացակայութիւնը, կամ թերեւս անոնք իրականութեան մէջ այդքան ալ ընդդիմադիր չեն, որքան մենք կը պատկերացնենք», գրած էր դեսպանը:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով դեսպանի այս եւ այլ յայտարարութիւններուն` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նախ ընդգծեց, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ դիւանագէտները որոշ չափով փորձած են Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամտել, թէկուզ` անձնական տեսակէտ արտայայտելով, յետոյ յայտարարեց. «Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները պէտք է կարենան որոշակի դիւանագիտական վարք ու բարքը պահպանել: Ինչ կը վերաբերի այն որակաւորման, թէ ո՛վ ընդդիմադիր է, ով ընդդիմադիր չէ, կամ` հարցական շեշտադրման, ապա սեփական թեկնածուով չմասնակցելու` ՀՅԴ-ի որոշումը հանգամանօրէն մեկնաբանուած եւ բացատրուած է, եւ ես վստահ եմ, որ տիկին դեսպանը ծանօթ է այդ յայտարարութեան: Բայց եթէ այդ փաստարկները անոր չեն բաւարարեր, ապա, կը կարծեմ, որ մենք յառաջիկային կարելիութիւն պիտի ունենանք թէ՛ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, թէ՛ դեսպաններուն աւելի հանգամանալից ներկայացնել մեր մօտեցումները, փաստարկները»:

 

Share this Article
CATEGORIES