Հերմինէ Նաղդալեան` Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուաւոր Անդամ

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Մինիոն որոշում տուաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանին վեհաժողովի պատուաւոր անդամի կոչում շնորհելու մասին:

Ազգային ժողովի հաղորդագրութեան համաձայն, երկուշաբթի օրը կայացած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներ, յանձնախումբերու եւ պատուիրակութիւններու նախագահներ:

«Շուրջ 10 տարի աշխատած եմ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ եւ ատիկա կը նկատեմ իմ քաղաքական ասպարէզիս լաւագոյն էջերէն մէկը», շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար` յայտարարեց Հերմինէ Նաղդալեան: Ան վստահեցուց, որ այս տարիներուն միշտ իր պարտականութիւնը նկատած է եւրոպական արժէքները եւ վեհաժողովի սկզբունքները Հայաստանի հետ կամրջելը:

Share this Article
CATEGORIES