Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Եկեղեցւոյ Միութեան Շաբթուան» Արարողութիւններուն

Միջեկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ` երկար տարիներէ ի վեր յունուար ամսուան վերջին շաբաթը նուիրուած է եկեղեցւոյ միութեան: Այս շաբթուան ընթացքին աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի կ՛ունենան յատուկ արարողութիւններ, դասախօսութիւններ եւ զանազան ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կարեւորութեամբ կը շեշտուի եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:

Լիբանանի մէջ «Եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան» բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 20 յունուար 2013-ին, Պէյրութի ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութեամբ: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վեհափառ հայրապետը: «Եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան» նուիրուած ձեռնարկներուն փակումը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ` կիրակի, 27 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունենալիք եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES