Մըր. «Ընտրազանգուածն Է, Որ Ինքզինք Կը Պարտադրէ Որեւէ Ընտրական Օրէնքի»

Երեսփոխան Միշել Մըր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մեթնի քաղաքապետերուն եւ թաղապետերուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Մըր անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան վատթարացումին եւ ապրուստ ապահովելու ծանր պայմաններուն:

Մըր շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստերը եւ խորհրդարանը պոյքոթի ենթարկելը յանգած է ընտրական օրէնք մը չվաւերացնելու:

Մըր ըսաւ. «Ինչ ալ ըլլայ ընտրական օրէնքը` համամասնական թէ մեծամասնական, կամ Ուղղափառ (թէեւ այդ օրինագիծը ուղղափառ համայնքին հետ ոչ մէկ կապ ունի եւ անկէ մէկ դար, իսկ քրիստոնէութենէն երկու դար հեռու է), ընտրազանգուածն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ որեւէ ընտրական օրէնքի»:

Share this Article
CATEGORIES