Ուաթա Ժոզի Մէջ Սէյֆէտտին Ընտանիքի Երկու Անդամներ Սպաննուեցան
Նախանցեալ օր Ուաթա Ժոզի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպի մը պատճառով սպաննուեցան քաղաքացիներ Ղասսան եւ Հատի Սէյֆէտտին:
Լասայի բնակիչները երէկ փակեցին Մէյրուպա-Ֆարայա ճամբաները` անոնց զոյգ ուղղութիւններով, եւ պահանջեցին Սէյֆէտտին ընտանիքի երկու անդամները սպաննող ոճրագործը յանձնել դատական իշխանութիւններուն:
Անոնք շեշտեցին նաեւ, որ Սէյֆէտտին ընտանիքը կը մերժէ իր հարազատներուն դիակները հողին յանձնել` մինչեւ յանցագործին ձերբակալումը:
Նշենք, որ այս նպատակով հրկիզուող անիւներով փակուեցաւ նաեւ Հարաւային արուարձաններու Հատի Նասրալլա մայրուղին:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ Սէյֆէտտին ընտանիքի երկու անդամները սպաննողը` Հարաժելի շրջանէն Անթոնի Խալիլ ինքզինք յանձնած է ապահովական ուժերուն:
CATEGORIES Լիբանանեան