Լիբանանի Մէջ Թրքական «Անատոլու» Լրատու Գործակալութեան Գրասենեակի Բացում
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բացումը կատարեց թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան գրասենեակին: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մանսուր Ապտալլա, տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ զօրավար Նազիհ Ժուպէյլի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի ներկայացուցիչ դերգնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Քեմալ Էօզթիւրք, Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման- Սաապ, Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Իպրահիմ Խուրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Տորէյտ Եաղի, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ, լրագրողներ եւ զինուորականներ:
Իր խօսքին մէջ Էօզթիւրք յայտնեց, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան Պէյրութի գրասենեակը Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ մեծագոյն գրասենեակն է, որ արդէն իսկ օրական աւելի քան հազար արաբերէն լուր կը հաղորդէ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 200 լուսանկար եւ վիտէօ կը հրապարակէ:
Ան շեշտեց, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը արաբական լրատու գործակալութիւններու հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները պիտի հաստատէ, բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ պիտի մնայ, ինչպէս նաեւ պիտի գործակցի բոլորին հետ:
Իր կարգին, Էօզեըլտըզ նշեց, որ իրենց համար իրականացող մեծ երազ մըն է Պէյրութի մէջ այս գրասենեակին բացումը` աւելցնելով, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան մեծագոյն գրասենեակը Լիբանանի մէջ բանալու յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ կողմէ Պէյրութի նկատմամբ ցուցաբերուած կարեւորութիւնը:
Թուրք դեսպանը մաղթեց, որ լիբանանցի եւ թուրք լրագրողները մէկզմէկու փորձառութենէն դասեր քաղեն:
Նախարար Տաուք շնորհաւորեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անոր բոլոր գրասենեակներուն եւ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ ըլլայ` հիմնուելով առարկայականութեան եւ թափանցիկութեան վրայ:
Տաուք յայտնեց, որ Լիբանան կը փափաքի օգտուիլ թրքական ֆիլմարուեստի տրամայի սեռէն եւ լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին միջոցով թրքական այդ ֆիլմաշարերը սփռել ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Գրասենեակի բացումին աւարտին եւ ներկայութեամբ Տաուքի եւ Էօզեըլտըզի, Էօզթիւրք փոխըմբռնումի համաձայնագիրներ ստորագրեց Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման-Սաապի եւ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Իպրահիմ Խուրիի հետ:

