Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս երկու երկիրներուն սահմանային հարցերը:

Ալի շեշտեց, որ Լիբանան հասած մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ սկսած են վերադառնալ Սուրիա` հիմնուելով նախագահ Պաշշար Ասատի նախաձեռնութեան վրայ:

Սուրիոյ դեսպանը նաեւ նշեց, որ սուրիական իշխանութիւնները կ՛որոնեն այնպիսի միջոցներ, որոնց հիման վրայ պիտի երաշխաւորուի սուրիացի գաղթականներուն ապահով վերադարձը Սուրիա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES