Պըրրի Ընդունեց Գերմանական Պատուիրակութիւն Մը

Մանսուր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց գերմանական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ «Քոնրատ Էտինաուըր Սթիֆթունկ» հաստատութեան նախագահ Հանզկիրթ Պոթրինկի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլի եւ խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES