30 Յունուարին Վարչապետ Միքաթի Պիտի Այցելէ Թուրքիա
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ կը գտնուի Տաւոս, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2013-ի Միջազգային տնտեսական համախմբումին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցով Լիբանանի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցան նաեւ Քուէյթի մէջ յառաջիկայ 30 յունուարին տեղի ունենալիք նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Մոհամետ Քանտիլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-եգիպտական բարձրագոյն խորհուրդի յանձնախումբի նիստ մը գումարելու հեռանկարները:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի Տաւոսի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատեց յառաջիկայ 30 յունուարին Թուրքիա կատարելիք իր այցելութիւնը: