Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարի Քաղաքական Հարցերու Խորհրդականը Այցելեց Լիբանան

Զօր. Քահուաժի – Սփենս հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի քաղաքական հարցերու խորհրդական Մեթիու Սփենս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի, երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Սփենս հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային շարք մը այլ հարցեր:

Հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական ամուր գործակցութիւնը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով Լիբանանի յանձնառութեան նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութիւնը:

Հանդիպումներուն ընթացքին Սփենս վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի նկատմամբ եւ այդ պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը փութայ ամրապնդելու լիբանանեան բանակին կատարած իր զինուորական օժանդակութիւնները, որպէսզի բանակը իր կարգին կարենայ ապահովել երկրին սահմանները եւ պաշտպանել լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES