Ճատրակ. Միջերկրականեան 8-րդ Ախոյեանութիւն. Իտ, Իթի Եւ Պաքըր 6-ական Կէտով Կը Գրաւեն Առաջին Դիրքը
«Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) տեղի ունեցող ճատրակի Միջերկրականեան 8-րդ ախոյեանութեան, 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք պայքարը բաւական սրած կը թուի ըլլալ` նկատի ունենալով, որ երեք մասնակիցներ` Ֆատի Իտ, Պաշիր Իթի եւ Ժուան Պաքըր, 6-ական կէտով կը գրաւեն առաջին դիրքը:
8-րդ հանգրուանին, լիբանանցի Իտ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ապու Պաքըր Արապիի (Լիպիա), իսկ Իթի (Սուրիա)` լիբանանցի Ահմետ Նաժժարի հետ:
Այդ հաւասարութիւններէն օգտուեցաւ սուրիացի Պաքըր, որ յաղթեց Հիւսէյն Սապրիի (Լիպիա) եւ իր կէտերուն գումարը բարձրացուց 6-ի:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Սիւզան Մուրատեան` Ռիհամ Սալեհի դէմ:
9-րդ եւ վերջին հանգրուանները պիտի գան վճռելու ախոյեանին անունը:
CATEGORIES Մարզական

