Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը կը մեկնի հիւսիս, ուր Սաֆատի համալիրին մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:
Նշենք, որ մրցումը ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն համար պիտի ըլլայ երթի վերջին ճակատումը` նկատի ունենալով, որ անոնք 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին մրցում չունին կատարելիք:
Ցարդ տեղի ունեցած հինգ մրցումներէն ՀՄԸՄ արձանագրած է չորս յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը (Ռիատի Պէյրութէն):
CATEGORIES Մարզական