Լիբանանի Փինկ Փոնկի 2012 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ամին» ճաշարանին մէջ (Ֆիատիէ), Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կատարեց 2012 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր հովանաւորը` Ուատիհ Ապսի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, նախարար Ֆայսալ Քարամէի խորհրդականը` Եասեր Ապպուշի, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Տը Շատարեւեան, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, փինկ փոնկի մրցանակակիրները եւ անոնց ընտանեկան պարագաները, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Իր խօսքին մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, շնորհաւորելով մրցանակակիրները անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

Ան բոլորին շնորհակալութեան խօսք ըսելէ ետք ընդգծեց մարզական լրագրողներուն տարած աշխատանքին եւ զոհաբերութեան կարեւորութիւնը` ըսելով, որ անոնց շնորհիւ է, որ ֆետերասիոնին գործունէութիւնները լսելի կը դառնան բոլորին:

Մարզիկներուն սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի աղջկանց հաւաքականին եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Դուին Մումջողլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆետերասիոնին, որ բոլոր մարզիկները իրարու հաւասար կը դասէ եւ անոնց բոլորին կ՛օժանդակէ:

PROFOTO

Իսկ Խիամի շնորհաւորելով բոլորը շեշտեց, որ նախարարութիւն-ֆետերասիոններ կապը միշտ կ՛ըլլայ անքակտելի` լաւագոյն արդիւնքին հասնելու եւ Լիբանանի անունը միշտ բարձր պահելու համար, մանաւանդ միջազգային գետնի վրայ:

Ապա խօսք առնելով Ուատիհ Ապսի ըսաւ, որ վերջին քանի մը տարիներուն իր կատարած յայտարարութիւնը դարձեալ կու գայ կրկնելու, որ միշտ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, մարզական աշխարհը պէտք է հեռու պահել քաղաքական հաշիւներէ, որովհետեւ ատով պառակտումները կ՛ըլլան մի՛շտ անպակաս:

Եզրափակելով իր խօսքը ան մաղթեց, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նոր ընտրութիւնները գոհ ձգեն բոլոր կողմերը եւ Անթուան Շարթիէի յաջորդը` Ժան Համմամ, յաջողի առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ կատարել նախագահի իր պաշտօնը:

Նախքան մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը, ֆետերասիոնին կողմէ, Սելիմ Հաժ Նիքոլա յատուկ յուշանուէրներ տուաւ Ապսիի, Շարթիէի, հովանաւորող ընկերութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )