Շատ Արագ Շոգեկառք Մը Չինաստանի Մէջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
2012-ի դեկտեմբերի վերջաւորութեան Չինաստանը բացումը կատարեց աշխարհի ամէնէն երկար շատ արագ շոգեկառքին: Ան կը կտրէ 2298 քմ:
Չինաստանի կառավարութիւնը ընտրեց 26 դեկտեմբերը բացումը կատարելու շատ արագ շոգեկառքի նոր գիծի մը: Այս թուականը Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան հիմնադիր Մաօ Թցէ Թունկի ծննդեան օրն է:
Այս շատ արագ շոգեկառքը շատ յատուկ է: Ան աշխարհի ամէնէն երկար ճամբայ կտրող շոգեկառքն է: Ան կ՛ընթանայ մայրաքաղաք Փեքինէն (Հիւսիսը), կը կտրէ մօտաւորապէս 2300 քմ եւ կը հասնի մինչեւ Քանթոն (Հարաւը):
Իր ճամբորդութեան ընթացքին, ան կ՛անցնի 35 կայաններէ. բազմաթիւ միլիոն բնակիչ ունեցող եւ հեռաւոր, մեկուսացած, ընդարձակ տարածքներէ: Այս քաղաքները շատ արագ կ՛աճին եւ կը գրաւեն օտար հաստատութիւններու ուշադրութիւնը` զանոնք մղելով այդ շրջաններուն մէջ հաստատուելու:
2007 թուականին բացուած չինական շատ արագ շոգեկառքի ցանցը արդէն այդ թուականին աշխարհին ամէնէն ընդարձակն էր: 2010 թուականի վերջաւորութեան անոր երկայնքը կը հասնէր 8358 քմ.ի, եւ կրնայ անցնիլ 16 հազար քմ մինչեւ 2015 թուականը:
Այս աշխատանքները կատարելու համար Չինաստանի շոգեկառքերու նախարարութիւնը մօտաւորապէս 334 միլիառ տոլար պարտք առած է: Նման աշխատանքներ շատ կարճ ժամանակի մէջ կատարելը մեծ ծախսի կը կարօտի:
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ
- 1959 թուականին է, որ Ճափոնը սկսած է շինելու աշխարհի առաջին շատ արագ շոգեկառքը` Շինքանսէնը:
- Անիկա սկսած է բանիլ 1964 թուականին:
- Աշխարհի ամէնէն մեծ շատ արագ շոգեկառքի գիծը
- Երկայնք` 2296 քմ
- Միջին արագութիւն` ժամական 300 քմ
- Ճամբորդութեան տեւողութիւն` 8 ժամ (22-ի փոխարէն)
- Կայաններ` 35
- 2-րդ կարգի տոմսակի գին` 136.5 տոլար
Խաւաքարտէ Տաճար
Նիւ Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ 22 փետրուար 2011 թուականին տեղի ունեցած երկրաշարժ մը գրեթէ ամբողջովին քանդեց քաղաքին տաճարը: Իբրեւ հետեւանք` եկեղեցին ամբողջովին քանդուեցաւ։
Նոր մը շինելու համար շատ իւրայատուկ ծրագիր մը ընտրուած է: Նոր տաճարը… խաւաքարտէ պիտի շինուի: Այս առաջարկը ներկայացուած է ճափոնցի ճարտարապետ Շիկէրու Պանի կողմէ: Ան միջազգայնօրէն ծանօթ է` բնական աղէտներէ ետք իր կառուցած խաւաքարտէ շինութիւններուն շնորհիւ:
Այս նոր տաճարը պիտի շինուի 20 մեթր երկայնք ունեցող 64 խաւաքարտէ պատատներէ, պողպատէ եւ փայտէ կառուցուածքի մը վրայ զետեղուած:
Ան պիտի կարենայ ընդունիլ 700 անձ եւ «դիմանալ» 20 տարի:
Ո՞րն Է Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Երկիրը
17.075.200 քառակուսի քիլոմեթրով եւ 143 միլիոն բնակիչով Ռուսիա աշխարհի ամէնէն մեծ երկիրն է:
Ան կը տարածուի երկու ցամաքամասերու վրայ` Եւրոպա եւ Ասիա: Անոր բնակչութեան մեծ մասը կ՛ապրի յատկապէս Եւրոպական շրջաններուն մէջ, ուր կլիման աւելի մեղմ է:
Եւ որովհետեւ Ռուսիան շատ շատ ընդարձակ է, անոր կը պատկանին նաեւ բազմաթիւ մրցանիշեր: Եւրոպայի ամէնէն մեծ գետը` Վոլկան. Եւրոպայի ամէնէն բարձր գագաթը` Էլպրուզ լեռը (5642 մեթր). ամէնէն մեծ գոց ծովը` Կասպից ծովը. աշխարհի ամէնէն երկար շոգեկառքը` Թրանսմիպէրիան (9500 քմ)…
Ռուսիոյ մայրաքաղաքն է Մոսկուա:
Ո՞րն Է Աշխարհի
Ամէնէն Մեծ Պանդոկը
Անիկա Վինիշիըն Փալածոն է, իր 7120 սենեակներով: Կը գտնուի Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Նշանաւոր է իր քազինոներով, եւ հոն կը գտնուին աշխարհի ամէնէն մեծ տասը պանդոկներէն ութը հատը:
Ո՞վ Հնարած Է Առաջին
Պաստառով Խաղը
1972 թուականին, Միացեալ Նահանգներ բնակող գերմանացի հնարիչ Ռալֆ Պայըր շինած է աշխարհի առաջին պաստառով խաղի մեքենան. Օտիսի ձայն չունէր եւ բարդերով կը բանէր:
Անոր պատկերը շատ պարզ էր. երկու քառակուսիներ կը ներկայացնէին խաղցողներ, իսկ ուրիշ մը` գնդակը: Թափանցիկ տեսարաններ կարելի էր անցընել պատկերասփիւռի պաստառին վրայ:
Այս խաղը անմիջապէս մեծ յաջողութիւն գտաւ 100 հազար օտիսիներ ծախուեցան առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին:
Կենսոլորտը Պահպանենք
Միացեալ Նահանգներու Քոնքորտ քաղաքը «պատերազմ» հռչակած է կերպընկալէ շիշերու դէմ` կենսոլորտը պահպանելու համար:
Ան արգիլած է մէկ լիթրէն պակաս չափի ջուրի կերպընկալէ շիշերու վաճառքը: Այն անձը, որ չի յարգեր այս օրէնքը, 50 տոլար տուգանքի կրնայ ենթարկուիլ:
Ժամանց












