Երիտասարդական Պրիսմակ. Ամօ՛թ Այն Հայուն…
ԱՅԲ
Սուրիահայութիւն… Լիբանանահայութիւն… Երկու հայկական դրացի գաղութներ, տանջուող` «Արաբական գարուն»-էն…
Այսօր «Արաբական գարուն»-ը հասած է Սուրիա, ուր կը գտնուի, աւելի ճիշդը` կը գտնուէր հայկական մեծագոյն գաղութներէն մէկը. առանց քաղաքական մեկնաբանութիւններու եւ առանց երկար¬բարակ, դարձդարձիկ եզրակացութիւններու` յստակ իրականութիւնը այն է, որ սուրիահայութիւնը կը կառչի լիբանանահայ գաղութին:
Այսօր համացանցի զանազան ընկերային էջերուն մէջ երբեմն կը կարդանք հայերու կողմէ զետեղուած մեկնաբանութիւններ` սուրիահայութեան կարիքներուն մասին: Ակնարկներ` անոնց դրամական թէ նիւթական ունեւորութեան, անոնց «ծանր բեռ» ըլլալուն, «անհաճոյ ներկայութեան» մասին, կոչեր, որ կանուխ «ձգեն երթան» Լիբանանէն եւ այլն:
Այո՛, բոլորս կ՛ուզենք կանուխ ու հանգիստ վերադարձ մեր սուրիահայ եղբայրներուն` դէպի իրենց երկիրը, ոչ թէ որովհետեւ իրենց «բեռը ծանր է», այլ որովհետեւ բոլորս մեր հայ եղբայրներուն լաւութիւն կը յուսանք:
Այսօր սուրիահայը իր բոլոր ինչքերը, տունն ու տեղը, երբեմն ալ ընտանիքը ստիպուած` ձգած է ու եկած է ապաւինելու մեզի… Մինչ մենք մեր տաքուկ ու հանգիստ անկողիններուն մէջ քնացած ենք, ան օտար երկրի մէջ քունը կը փախցնէ` մտահոգուած ի՛ր տան, ի՛ր միջավայրին վախճանով, իր անորոշ ճակատագիրով…
Մարդկային արժէքները, համաշխարհային քաղաքացիութիւնը, քաղաքականութիւնը, գաղափարաբանութիւնը, վերացական թէ նիւթական բոլոր տուեալները դատարկ են ու անարժէք: Կայ միայն մէկ իրականութիւն` ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ: Սուրիահայն ու լիբանանահայը ՀԱՅ են, նոյն արիւնը, նոյն ծագումը, նոյն մղձաւանջը ունին: Անժխտելի ու անժամանակավրէպ իրականութիւն մը: Սակայն այսօր այլ պատկեր մը կը փորձէ պղտորել այս իրականութիւնը: Ո՞ւր հասած ենք: Մեր հայ եղբօր նեցուկ կանգնելու փոխարէն` իր չարչարանքը դիտելով` իր ունեցածն ու չունեցա՞ծը կը հաշուենք, չե՞նք ամչնար:
Թրքական մահիկը բարձրացած է Հալէպի երկինքին վրայ, կրակները կո՛ւլ կու տան մեր եկեղեցիներն ու թաղերը, թրքական եաթաղանի ծայրը Անգարայէն հասած է Հալէպի սիրտը եւ կրկին կը սպառնայ հայուն պարանոցին: Իսկ մե՞նք, տակաւին խեղդուած անձնասիրութեան, դատարկաբանութեան, համաշխարհային մարդու պարապ փիլիսոփայութեան ալիքներուն մէջ` կը դիտենք ու չեմ գիտեր, նախանձէ՞ մղուած, թէ՞ ապազգայնութենէ, կը ծիծաղինք օգնութեան ձեռք երկարել փորձող մեր ազգակիցներուն արարքներուն, քմծիծաղով կը մօտենանք անոնց արտասանած աղօթքներուն:
Սուրիոյ մէջ մե՛ր խաչն է, որ այլանդակուած կ՛այրի, հայկականն է վնաս կրողը, հայն է, որ բռնի կը վռնտուի անգամ մը եւս: Ինչպէս մենք բռնի ուժով ձգեցինք Տիգրանակերտը, Վանը, Մուշն ու Սասունը, այսօր հալէպահայութիւնն ու սուրիահայութիւնը բռնած են բռնի տարագրութեան ճամբան… իսկ մենք կը բամբասենք…
Այո՛, Հալէպն ու Սուրիան հեռու են Պուրճ Համուտէն, Անթիլիասէն, հեռու են նաեւ Թրիփոլին ու Այնճարը… Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ ճակատագիրի բերմամբ այդ եաթաղանը Սուրիայէն հասնի Թրիփոլի, Այնճար, կրկի՞ն պիտի հաշուենք այնտեղի հայերուն ունեցուածքը, նորէ՞ն օտարի աչքով պիտի նայինք իրենց, իսկ եթէ հասնի Ժիպէ՞յլ, Անթիլիա՞ս, Պուրճ Համո՞ւտ…
Երբուընէ՞ ի վեր հայը հայուն կը մօտենայ մենք ու անոնքի տրամաբանութեամբ: Երբուընէ՞ ի վեր հայը կը տարբերի իր աշխարհագրական ապրելավայրին համեմատ կամ կը բնորոշուի իր խօսելաոճով կամ նիւթական վիճակով…
1915¬ին հայը առանց դաւանանքի, ունեցուածքի թէ ապրելավայրի խտրութեան մորթուեցաւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ: Նոյն մորթող դանակը այսօր կը սպառնայ մեր ժողովուրդին, նորէն` առանց խտրութեան: Երբ մեր թշնամին խտրութիւն չի դներ, մե՞նք պիտի դնենք:
Հայը հա՛յ է, ո՛ւր որ ալ ըլլայ, ի՛նչ դաւանանքի, հաւատամքի, ընկերային դասակարգի թէ աշխարհագրական վայրի ալ պատկանի, հայ է ու կը մնայ հա՛յ: Մոռցէ՛ք ձեր անձը, ձեր շատ սիրուած ու շոյուած «ես»¬ը, ձեր դատարկ տեղայնական ու անհեթեթ գաղափարական տեսութիւններն ու վերլուծումները, այսօրուան իրավիճակը, ազգային հայկական մղձաւանջը կարիք ունի հայկական բնազդի վերականգնման: Այսօրուան իրավիճակը հասկնալը եւ մեր հայ եղբօր օժանդակելը, նեցուկ կանգնիլը ուսման մակարդակի, գիտութեան, մարդկայնութեան թէ զարգացման ու նիւթականի չի կարօտիր, կը կարօտի հայկականութեան զգացումի, սրտի: Այս գաղութը չկերտուեցաւ նիւթականով, փիլիսոփայութիւններով, այլ հայը հայուն ձեռք տուած բարձրացուց խաչը եկեղեցւոյ, բացաւ դռները դպրոցներուն ու դրաւ հիմնաքարը այս գաղութի բարգաւաճման:
Հայը հայով կ՛ապրի, հայը հայուն համար կ՛ապրի, եւ միայն հայն է, որ հայութիւնը կրնայ քանդել, միայն հայն է, որ հայը կ՛ուրանայ, հայութիւնը կ’ուրանայ…
Ամօ՛թ այն հայուն, որ հայութիւնը կ՛ուրանայ:
Օգնութեան ձեռք տուէք մեր եղբայրներուն…

