Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հոսանքին Դէմ Մեր Նաւարկումին Մեր Վարդապետի՛Ն Հոգեկանութեամբ…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, Յիսուս կը սիրէ թիավարել յորձանքին հակառակ: Դեռ աւելի՛, Քրիստոս կը սորվեցնէ եւ կը սպասէ, որ իր հաւատաւորներն ալ նաւարկեն հոսանքին դէմ:
Դեռ նոր հրաշագործած էր «հացերու բազմացումը» (Յվհ. 6,1-14): Թէ՛ նիւթաբարոյական եւ թէ՛ հոգեմտաւոր իմաստով` ժողովուրդը մատնուած էր յագուրդի ու զմայլանքի, այնքա՛ն, որ ուզած էր յայտարարել թագաւորութիւնը սքանչելագործ Աստուածամարդուն:
Յիսուս Քրիստոս, սակայն, որ ապագային Պիղատոսին անվախօրէն պիտի յայտնէր իր թագաւորութիւնը, «իմանալով, թէ պիտի գան, յափշտակեն զինքն ու թագաւոր հռչակեն, դարձեալ առանձին լեռ քաշուեցաւ» (Յվհ. 6,15):
Այս օրերուն յատկապէս, երբ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ նախապատրաստութիւններ կը տեսնուին ընտրութիւններուն համար, գանեցուցիչ մեծամտութիւնը, անյագ փառասիրութիւնն ու նողկալի աթոռատենչութիւնը հասած են իրենց գագաթնակէտին, եւ այնքա՜ն, որ ալ չէ մնացած ո՛չ մէկ խղճմտանք, ո՛չ մէկ բարոյականութիւն, ո՛չ մէկ ամօթխածութիւն: Անշուշտ յարգուելու են սակաւաթիւ թաքուն բացառութիւնները…
Յստակ ըլլայ, թէ Լիբանանի ու Հայաստանի իշխանաւորներուն եւ իշխանատենչներուն կը հակադրուի Յիսուս Քրիստոս, որ ժամանակին Տէրը եւ պատմութեան Իշխանն է, իր գործօ՛ն խոնարհամտութեամբ ու մարդասէր հեզութեամբ:
Յստակ ըլլայ, թէ Լիբանանի ու Հայաստանի իշխանաւորներուն եւ իշխանատենչներուն հրապարակային լորձնաշուրթն ճոռոմաբանութիւններուն դէմ կը հակակշռեն Յիսուս Քրիստոսի առանձին քաշուածութիւնն ու մշտատեւ աղօթասիրութիւնը:
Մեր հայեացքներն ու գիրերը, սակայն, ինչո՞ւ համար կ՛ուղղենք մօտաւորներուն եւ հեռաւորներուն, երբ նախ հարցաքննելու ենք մեր կեցուածքը մեր անձերուն հանդէպ ու յատկապէս մեր վերաբերումը նկատմամբ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն. անոնք կրնան գտնուիլ Յիսուսի խօսած «Լերան քարոզին» կամ Քրիստոսի յայտարարած «Երանութիւններուն» (Մտթ. 5,1-12, եւ Ղկ. 6,20-23) առաջին հինգ ընտրեալներուն խումբին մէջ, որոնք մեզմէ իրապէս եւ շատ աւելի «հոգիով աղքատներ» են,
«հեզեր» են,
«սգաւորներ» են,
«քաղցը եւ ծարաւն ունին արդարութեան»,
«ողորմածներ» են,
եւ այս պատճառով «պիտի պատկանին երկինքի արքայութեան»,
«պիտի ժառանգեն Երկիրը»,
«պիտի մխիթարուին»,
«պիտի յագենան»,
«պիտի գտնեն ողորմութիւն»:
Այո՛, մեզի յստակ ըլլայ, որ եթէ չունինք վերոթուեալ որակումները, մեզ արժանի պիտի չդարձնենք անոնց վարձահատոյց հետեւանքներուն, որքան ալ ուզե՜նք մեր անձերուն համար եւ գովքեր հիւսե՜նք մեր եսերուն մասին:
Այսօր դեռ կ՛անդրադառնա՞նք, թէ միայն կ՛ըղձանք մեր անձերուն ինքնասիրութիւնը, մեր եսերուն բարձրացումը, մեր գործերուն գովաբանութիւնը, մեր թերացումներուն չքմեղանքը, մեր մեղքերուն անմեղութիւնը, եւ այն` համարեա միշտ ի վնաս մեր քոյրերուն, եղբայրներուն. անոնք կրնան գտնուիլ Յիսուսի խօսած «Լերան քարոզին» կամ Քրիստոսի յայտարարած «Երանութիւններուն» երկրորդ հինգ ընտրեալներուն խումբին մէջ, որոնք մեզմէ իրապէս եւ շատ աւելի «սրտով սուրբ են»,
«խաղաղարար» են,
«արդարասէր են»,
«նախատուած են»,
«հալածուած կամ զրպարտուած են»,
եւ այս պատճառով «պիտի տեսնեն Աստուած»,
«պիտի կոչուին Աստուծոյ զաւակներ»,
«պիտի ընդունին երկինքի անմահութիւնը»,
«պիտի ցնծան եւ ուրախանան արքայութեամբ»,
«պիտի վարձատրուին երկինքին մէջ»:
Այո՛, մեզի յստակ պէտք է ըլլայ, որ եթէ մեր առօրեան չօժտենք ճշմարիտ աստուածասիրութեան ու գործնական եղբայրասիրութեան «մեծագոյն պատուիրան»-ով (Մտթ. 22,34-40), ապա մենք մեզ կը դարձնենք պղնձահունչ ծնծղաներ անախորժ, ոչնչախօս մարգարէներ աստուածամերժ, անօգուտ քրիստոնեաներ (1 Կոր. 13,1-3) եղբայրատեաց, ստախօս ու խաւարակեաց (1 Յվհ. 2,9):
Այսօր տակաւին կը գիտակցի՞նք, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը միայն կը տենչայ ուրիշներէն աւելի յայտնի, աւելի հանգստաւէտ, աւելի արդար, աւելի հարուստ, աւելի բարձր, աւելի խօսող, աւելի գերակայ, աւելի սիրելի, աւելի միութենական, աւելի կուսակցական, աւելի ազգասէր, աւելի հայրենանպաստ, աւելի եկեղեցասէր եւ աւելի համայնքանուէր դառնալ ու մնալ, եւ այն` համարեա միշտ ի վնաս այդ ուրիշներուն, որոնց, սակայն, քոյրերը եւ եղբայրներն ըլլալու կոչուած ենք տոհմային պատկանելիութեամբ ու միւռոնաբոյր Ս. մկրտութեամբ, քանի անոնց համար ալ մեր «երկնաւոր Հայրը կը ծագէ իր արեւը» (Մտթ. 5,45)…:
Այո՛, մեզի յստակ ըլլայ, որ եթէ չգործադրենք մեր Վարդապետին այս հրահանգը, թէ` «սորվեցէ՛ք ինձմէ, որ սրտով հե՛զ եմ եւ խոնա՛րհ», երբեք «պիտի չգտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» (Մտթ. 11,29), ինչպէս նաեւ երբեք մեզի համար պիտի չիրագործուի Մարդասէրին այս գորովագութ հրաւէրը.«Ինծի եկէ՛ք, դուք բոլորդ, որ յոգնած` կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, եւ ես ձեզի պիտի տամ հանգիստը» (Մտթ. 11,28):
Այնճար, 23 յունուար 2013

