Լիբանանցի Կնոջ Յուսախաբութիւնը
ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Անգամ մը եւս կինը յուսախաբութեան մատնուեցաւ:
Տարիներու երազը եւ աշխատանքը ոչնչացաւ եւ ինքզինք գտաւ փակ դրան մը դիմաց, որուն միակ ելքը դարձեալ արտագաղթի մասին մտածելն է:
Պատճա՞ռը, լիբանանցի կինը չի կրնար իր քաղաքացիական իրաւունքը, որ իր մարդկային իրաւունքներէն մէկն է, շնորհել իր զաւկին, եթէ ան ամուսնացած է ոչ լիբանանցի մարդու մը հետ:
Այս իրաւունքը, որ տարիներէ ի վեր իբրեւ օրինագիծ կը սերտուի եւ կը մշակուի զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, ափսոս որ մերժուեցաւ նախարարաց խորհուրդին կողմէ:
Ժամանակի ընթացքին Լիբանան աշխարհի մէջ ճանչցուած է որպէս «զարգացած» արաբական երկիր, ուր մարդիկ կու գան ուսում, բժշկութիւն, գիտութիւն եւ նորութիւններ ստանալու համար, սակայն այդ փայլուն եւ յառաջացած կերպարանքին կողքին, Լիբանան ունի թաքնուած, մութ, արնական տիրապետութեամբ ենթահող մը:
Նախարարաց խորհուրդին կողմէ կազմուած յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ` փոխվարչապետ Սամիր Մոքպելի եւ նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Շաքիպ Քըրթպաուիի, Ատնան Մանսուրի, Մարուան Շարպելի, Սելիմ Ժրայսաթիի եւ Ուալիտ Տաուքի, սերտելէ ետք իրենց ներկայացուած օրինագիծին նախագիծը, մերժեցին այս իրաւունքը շնորհել լիբանանցի կնոջ` իրենց մերժումը վերագրելով ժողովրդագրական պատճառներու:
ժողովրդագրակա՞ն, ընկերայի՞ն թէ՞ արդեօք քաղաքական պատճառներով…
Շատ ծիծաղելի եւ հեգնական կը թուի այս իրականութիւնը: Հոս տեղին է նշել, որ այս օրէնքին կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանը, ինչպէս նաեւ` վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ անցեալ տարի 21 մարտին յայտարարեց, թէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու այս օրէնքին որդեգրումը պիտի ըլլայ մայրերու օրուան նուէրը: Սակայն լիբանանցիները ոչ միայն չստացան այդ նուէրը, այլ ինը ամիս ետք` 14 յունուարին, ստացան լրիւ ժխտական պատասխան մը:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը, որուն կը նախագահէ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, տարիէ մը ի վեր իր անդամներով, իրաւաբաններով եւ օրէնսգէտներով կը սերտէր այս օրինագիծը, որուն մասին վերջնական նախագիծի պատկերացում մը կազմեց եւ այդ մէկը դարձեալ սերտուեցաւ դատաւոր Ճօ Ազզիի եւ նախկին նախարար Պահիժ Թապպարայի եւ Զիատ Պարուտի կողմէ:
Այս օրինագիծին համաձայն, լիբանանցի կինը, որ ամուսնացած է ոչ լիբանանցի մարդու մը հետ, իր զաւկին պիտի կարենայ շնորհել իր քաղաքացիութիւնը: Օրինագիծին մէջ կայ նաեւ յատուկ բացառութիւն մը, որ կը վերաբերի պաղեստինցիներուն, որոնց զաւակներուն համար պահանջուած է ուսման եւ բժշկութեան իրաւունքները` մինչեւ 18 տարեկան, որմէ ետք անոնց քաղաքացիութիւն կը շնորհուի բարի վարուց վկայագիր ձեռք բերելէ ետք:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կողմէ մշակուած օրինագիծին մէջ տեղ գտած յօդուածը նշուած է հետեւեալ ձեւով. «Ոչ լիբանանցի մարդու հետ ամուսնացած կին մը պէտք է իրաւունք ունենայ իր քաղաքացիութիւնը շնորհելու իր զաւակներուն: Իսկ պաղեստինցիներուն պարագային, պաղեստինցի մօր զաւակը կրնայ ունենայ յատուկ քարտ մը, որուն մէջ շեշտուած է, թէ պաղեստինցին քաղաքական իրաւունքներ չունի, ինչպէս նաեւ չի կրնար իր անունով ինչքեր ունենալ: Սակայն 18 տարիքը բոլորելէ ետք անոնք դատական իշխանութիւններուն դիմելով է միայն, որ կը ստանան իրենց քաղաքացիութիւնը»:
Այս թղթածրարը Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին եւ Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, որոնցմէ գլխաւորը` «Քաղաքացիութիւնս` իմ եւ զաւակներուս իրաւունքն է» կազմակերպութիւնը, մանրամասնութեամբ ներկայացուեցաւ կառավարութեան կազմած նախարարաց յանձնախումբին, սակայն 14 յունուարին ժխտական պատասխան տրուեցաւ:
Նախարարական յանձնախումբը եզրակացուց, որ լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծը «համախոհութեամբ» մերժուած է: Յանձնախումբը նշեց. «Մերժել քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծը եւ զայն փոխարինել որոշ դասաւորումներով, որոնց շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ բարելաւել ամուսնոյն եւ զաւակներուն կացութիւնը, անոնց շնորհել անվճար կեցութիւն, բժշկական խնամք` պետական հիւանդանոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին անդամակցութիւն»:
Բայց եւ այնպէս լիբանանցի կնոջ զաւակը իրաւունք չունի աշխատելու պետական մարզին մէջ եւ ոչ ալ` ազատ ասպարէզի մէջ:
Հոս հարկ է նշել, որ ներկայացուած օրինագիծին մէջ յստակ նշուած էր, որ լիբանանցի կինը իր զաւկին կրնայ շնորհել բոլոր իրաւունքները` բացի անոր քաղաքական իրաւունքներէն եւ կալուածներ ունենալու իրաւունքէն:
Ներկայացուած օրինագիծին մէջ ամուսինները չէին նշուած եւ անոնց վիճակը բարելաւելու ոչ մէկ առաջարկ ներկայացուած էր:
Աւելի՛ն. հակառակ այն իրականութեան, որ նախարարական յանձնախումբը իր տեղեկագիրին մէջ նշած է, թէ ինք համախոհութեամբ յանգած է մերժումի վերջնական որոշումին, սակայն յանձնախումբին ատենագրութենէն կը պակսի ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ստորագրութիւնը:
Առ այդ, անկարելի է հաւատալ, որ այդ մերժումը ժողովրդագրական պատճառով արձանագրուած է, որովհետեւ ներքին գործոց նախարարութենէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, պաղեստինցիներու հետ ամուսնացած լիբանանցի կիներուն թիւը 4500 է, մինչդեռ ոչ լիբանանցի մարդոց հետ ամուսնացած լիբանանցի կիներուն թիւը 76,000 է, իսկ այս բոլորին զաւակները, որոնք քաղաքացիութիւն չունենալու իրականութենէն կը տառապին, 380,000 հոգի են:
Այս մէկը կը նշանակէ, թէ 380,000 երիտասարդ ներկայիս արտագաղթի սեմին կը գտնուին եւ փոխանակ իրենց ուժերով եւ կարողութիւններով Լիբանանը կերտելու` անոնք արտագաղթի պիտի դիմեն:
Ո՞ւր է արդարութիւնը Լիբանանի մէջ:
Լիբանանեան սահմանադրութեան առաջին յօդուածին համաձայն, բոլոր լիբանանցիները հաւասար են իրենց քաղաքացիական իրաւունքներուն մէջ: Սակայն երկրին իշխանութիւնը կը փորձէ խուսափիլ այս իրականութենէն` մերժելով լիբանանցի կնոջ տալ իր իրաւունքները:
Տեղին է նշել, որ երբ Լիբանան կը պայքարի կիներուն քաղաքացիական իրաւունքներու դէմ, Սէուտական Արաբիա 2013-ի յունուարին իր խորհրդարանին մէջ 30 կին երեսփոխան ներառեց` խորհրդարանին 20 առ հարիւրի տոկոսը շնորհելով անոնց:
Այս իրականութիւնը մեծ յաջողութիւն մը եւ նուաճում մը կը նկատուի կնոջական իրաւունքներուն իրականացման գծով:
Արդեօք Լիբանան այս օրինակէն բան մը չսորվեցա՞ւ:
Ներկայիս Լիբանանի մէջ նախարարաց խորհուրդը ունի 30 անդամ, որոնք բոլորն ալ արական սեռին կը պատկանին, իսկ խորհրդարանին մէջ միայն չորս կին երեսփոխաններ կան եւ անոնք սովորաբար կ՛ընտրուին ժառանգական նկատառումներով:
Եզրափակելու համար այս բոլորը, կ՛ըսենք, որ թերեւս այս անգամ եւս կիները յուսախաբութեան մատնուեցան, սակայն աշխատանքը կը շարունակուի, մինչեւ իրագործուին մարդկային իրաւունքներու հաւասար բաժանումը` այր եւ կնոջ միջեւ:
ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
(Լիբանանցի կիներու ազգային
խորհուրդի անդամ)