Պրազիլի Մէջ Գիշերային Վայրի Մը Մէջ Հրդեհի Մը Պատճառով 245 Զոհ Արձանագրուեցաւ
Հարաւային Պրազիլի մէջ գիշերային վայրի մը մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով 245 զոհ արձանագրուեցաւ: Հրդեհը ծագեցաւ, երբ Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլի Սանթա Մարիա քաղաքին մէջ «Քիս» ակումբին մէջ նուագախումբը հրավառութիւն կատարեց:
Հրդեհին պատճառով խուճապ ստեղծուեցաւ: Բազմաթիւ զոհեր թունաւոր ծուխեր շնչելով կամ ոտնակոխ ըլլալով մահացան:
Երկրին նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ Չիլի իր այցելութիւնը կրճատելով վերադարձաւ Պրազիլ:
CATEGORIES Միջազգային

