Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերու ներկայացուցիչ Վալերի Ամոս շաբաթավերջին ժամանեց Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ եւ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ֆրանսա հասած է այն պահուն, երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզ կը հասնէր:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ եթէ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը պահպանող ընտրական օրէնք մը կարելի չըլլայ ապահովել, ապա իրենք պիտի քուէարկեն ի նպաստ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող գործակալ մը, որ տասը տարիէ ի վեր նոյն գործով կը զբաղի:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ՖԻՆԻՒԼ բանակէն պահանջած է Ռայեաքի զինուորական օդակայանին օգտագործումը` Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւնները շարունակելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը չեն կրնար երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրել, եթէ Հարիրի Լիբանան չվերադառնայ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չափաւորական իր խառնուածքով ճկուն քաղաքականութիւն մը վարած չըլլար, ապա Լիբանան անդունդն ի վար կը գլորէր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին նկատմամբ Հըզպալլայի կառչածութիւնը յստակ է, որովհետեւ անիկա լաւ միջոց մըն է` տիրելու լիբանանեան խորհրդարանին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու իմաստով սուրիական եւ իրանեան փափաք կայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած վերջին ճառը ոչ մէկ նորութիւն ընդգրկած է` աւելցնելով, որ սէյիտ Նասրալլայի յայտարարութիւնները կը ջնջեն Թաէֆի համաձայնագիրը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի ընդգծէ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Հոլլանտ անհրաժեշտ պիտի նկատէ նաեւ 2014-ին նախագահական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը անիշխանութեան հանգրուանէ մը ձերբազատել:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ տեղեկատուական աղբիւրներ յայտարարեցին, որ սուրիական բանակը Թալքալախի մէջ սպաննած է Լիբանանէն Սուրիա գաղտնօրէն մուտք գործել փորձող ահաբեկիչներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը չ՛արտօներ, որ Լիբանանի մէջ մշակուի ընտրական օրինագիծ մը, որ կը գոհացնէ բոլոր լիբանանցիները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց դաշինքը պիտի շարունակուի` «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութեան» եռակողմանի տարազին ներքեւ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքն է, որ երկրին կայունութեան միջոցը կը նկատուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք նախանձախնդիր են ընտրական օրէնքը վաւերացնելու աշխատանքները դիւրացնելու առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանան կրնայ գոյատեւել իր բոլոր քաղաքական ուժերով եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմէ այլ կուսակցութեան մը դէմ մղած յաղթանակով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի չկատարուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին տապալումը եւ Լիբանանէն այդ մղձաւանջին հեռացումին թուականը մօտալուտ են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը հրաւիրուած են ընդունելու, թէ շրջանին մէջ իրենց գրաւները սխալ դուրս եկած են:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանը քանդելու եւ բաժնելու օրինագիծ մըն է:

 

Share this Article
CATEGORIES