Ալէյի Մէջ Աղօթք` Խալտուն Զէյնէտտինի Հոգւոյն Համար
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, երէկ Ալէյի մէջ աղօթք մատուցուեցաւ Սուէյտայի մէջ զոհուած, Սուրիական ազատ բանակի զինեալներէն Խալտուն Սամի Զէյնէտտինի հոգւոյն համար:
Աղօթքին ներկայ գտնուեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներ, որոնց շարքին նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէ:
Երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց սուրիացիներուն միջեւ համայնքային սադրանքներուն վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց Ժապալ Արապի բնակչութեան սուրիական բանակին մէջ չզինուորագրուելու` աւելցնելով, որ այդ բանակին նպատակն է պահպանել Սուրիոյ վարչակարգը:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց սուրիացիներուն` պաշտպանելու իրենց ազգային միասնականութիւնը:
Արսլան Կոչ Կ՛ուղղէ Տիւրզի Համայնքին
Դիմադրելու Սուրիոյ Սպառնացող Դաւադրութեան
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ տիւրզի համայնքին դիմադրելու երկրին սպառնացող դաւադրութեան` աւելցնելով, որ տիւրզի ղեկավարութիւնները պատասխանատու են այլոց գործերուն միջամուխ չըլլալու:
Արսլան նշեց, որ Սուէյտայի եւ Ժապալ Արապի բնակիչները վարժ չեն իրենց շրջանի բնակչութեան հետ, այլ խօսքով` Տարաայի, Հորանի եւ Ռիֆ Տիմաշքի բնակչութեան հետ հարցեր ունենալու:
«Պատմութեան ընթացքին անոնք միասին պայքարած են եւ միասին նահատակուած` ի խնդիր Սուրիոյ եւ ոչ ի խնդիր կասկածելի ծրագիրներու ու դաւադրութիւններու, որոնց նպատակն է հարուածել Սուրիոյ միասնականութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը», ըսաւ Արսլան:

