«Լիբանանի Կառավարութիւնը Յանձնառու Մնացած Է Սուրիացի Գաղթականներուն Օժանդակելու Իր Յանձնառութեան» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Միքաթի` Տաւոսի համախմբումին խօսք առած ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Տաւոսի մէջ 2013-ի Միջազգային տնտեսական համախմբումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանան չէզոք կեցուածք որդեգրած է` քաղաքական եւ ապահովական առումով: «Այս կեցուածքին նպատակն է պահպանել ներքին լիբանանեան կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձել Լիբանանը զանց կացուցել Սուրիոյ տագնապին վտանգներէն եւ հաւանական ազդեցութիւններէն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի աւելցուց սակայն, որ լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար չէզոք կեցուածք ճշդել Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ` նշելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու իր պատասխանատուութեան:

Ան դիտել տուաւ սակայն, որ գաղթականներուն կարիքները իրենց գագաթնակէտին հասած են եւ այդ պատճառով ալ Լիբանան կարիք ունի յաւելեալ օժանդակութիւններու` նկատի ունենալով նաեւ, որ գաղթականներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:

Միքաթի ընդգծեց, որ պաշտօնապէս արձանագրուած սուրիացի գաղթականներուն թիւը մինչեւ յունուարի կէսերը 206 հազար էր:

Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը անհրաժեշտ է եւ կարեւոր` յաջողութեամբ գործադրելու համար կառավարութեան մշակած արտակարգ ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ գաղթականներուն բժշկական, կրթական եւ այլ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու աշխատանքը:

Share this Article
CATEGORIES