Ուաթա Ժոզի Զոհերը Յանձնուեցան Հողին, Իսկ Ոճրագործը` Ապահովութեան Ուժերուն
Հինգշաբթի օր Ուաթա Ժոզի մէջ սպաննուած Սէյֆէտտին ընտանիքին պատկանող երկու անդամներ` Ղասսանի եւ Հատիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ:
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ապպաս Հաշեմ, Ուալիտ Խուրի եւ նախկին երեսփոխան Շամել Մոզայա, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը:
Յուղարկաւորութեան նախագահող շէյխ Հիւսէյն Զաայթեր պահանջեց Ղասսան եւ Հատի Սէյֆէտտինները սպաննող ոճրագործը յանձնել դատական իշխանութիւններուն` շեշտելով, որ Ժիպէյլ պիտի մնայ ազգային համերաշխութեան քաղաքը:
Իր կարգին, Ապի Ռամիա ողջունեց Լասայի բնակիչներուն իմաստուն կեցուածքը` ընդգծելով, որ ոչ ոք կրնայ օրէնքը շրջանցել:
Երեկոյեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ ոստիկաններու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Տուէյհիի վերահսկողութեամբ յանցագործ Անթոնի Խալիլ (Հարաժելի շրջանէն) յանձնուեցաւ ապահովութեան ուժերուն:
Շարպել եւ Տուէյհի ուղղուեցան Լասա, ուր անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին Սէյֆէտտին ընտանիքին:
Նշենք, որ Լասայի բնակիչները շաբաթ օր դարձեալ փակեցին Մէյրուպա-Ֆարայա փողոցները` պահանջելով Սէյֆէտտին ընտանիքի երկու անդամները սպաննող ոճրագործը յանձնել դատական իշխանութիւններուն, իմանալէ ետք, որ ոճրագործը տակաւին ինքզինք չէ յանձնած ապահովութեան ուժերուն:

