«Համամասնական Դրութիւնը Առիթ Կու Տայ Արդար Ներկայացուցչութեան» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան հեղինակութիւններ, որոնք կը մերժեն քաղաքացիական ամուսնութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ այդ իրականութիւնը փոփոխութեան պիտի չենթարկէ իր համոզումներն ու ամէն բան իր ճիշդ հունին մէջ դնելու ջանքերը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց ընդառաջելու բարեկարգումին եւ ժողովուրդին պահանջներուն, ինչպէս նաեւ յարմար օրէնքները գտնելու` քաղաքացիական ամուսնութեան առումով:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ վաղը Պաապտայի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին յատուկ օրակարգը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Մարոնիներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը յանգած է համայնքային եւ յարանուանական խտրութեան, ինչպէս նաեւ իսլամ համայնքներուն պարագային միակողմ ներկայացուցչութեան: «Այս իրականութիւնը նկատի ունենալով` կոչ կ՛ուղղեմ մշակելու ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ բոլոր համայնքներուն մակարդակին ըլլայ, նմանի Լիբանանի սահմանադրութեան եւ քաղաքական բազմազանութեան, ինչպէս նաեւ թարգմանը հանդիսանայ անոր օրինականութեան եւ համախոհականութեան», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անիկա առիթ կու տայ արդար ներկայացուցչութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրն ու երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող շարք մը հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները:


