Պըրրի Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Նիստի Մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Շաբաթավերջին Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ներքին սուրիական իրադարձութիւնները եւ այդ տագնապը գրգռելու լիբանանեան կարգ մը ուժերու թէ այլ երկիրներու կողմէ ի գործ դրուած փորձերը:
Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բարելաւելու համար երկրին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կը փորձեն նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ ներկայացուած նախաձեռնութիւնը գետնի վրայ գործադրել:
Ան մաղթեց, որ Լիբանան հեռու մնայ բոլոր սադրանքներէն, որոնք կը նախապատրաստուին Միջին Արեւելքի համար:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 30 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուի ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբին տեղեկագիրը:
Նիստին ներկայ պիտի գտնուին վարչական եւ արդարութեան հարցերու, ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետութեանց հարցերու յանձնախումբերուն անդամները:
Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը ընդվզած է ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբին պարզած պատկերէն եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ ամէնէն արագ միջոցին կարելի ըլլայ բարելաւել այդ յանձնախումբին ընթացքը: