Էլիզէէն Աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ»-ին Կը Յայտնեն. Հոլլանտ 24 Ապրիլին Հայաստան Պիտի Այցելէ, Սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Ծերակոյտին Պիտի Չներկայացնէ

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` յղում կատարելով Էլիզէի պալատէն աղբիւրներու, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը ծրագրէ 24 ապրիլին Հայաստան այցելել:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Հոլլանտ ընդունած է 2013-ին Հայաստան այցելելու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նոյեմբեր 2012-ի հրաւէրը` աւելցնելով, որ Հոլլանտ մտադիր է 2014-ի տեղական ընտրութիւններէն առաջ Ֆրանսայի հայ համայնքին «ցեղասպանութեան շուրջ ուժեղ պատգամ» մը յղել, սակայն ան ֆրանսական սահմանադրութեան մէջ «թեքնիք դժուարութիւններու» պատճառով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ծերակոյտին պիտի չներկայացնէ:

Share this Article
CATEGORIES