Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Մնաց Գ. Դասակարգ
Շաբաթ, 26 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կատարեց Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, երբ 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ ճակատեցաւ Շեպիպեթ Մազրաաի դէմ:
Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ յաջողեցաւ 2-0 արդիւնքով յառաջանալ` շնորհիւ Քրիսթիան Թիմունեանի նշանակած երկու կոլերուն (առաջին կէս ժամուան ընթացքին), սակայն մրցակից կազմը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 4-2 արդիւնքով:
Մրցումին արդիւնքը իրականութեան մէջ այդքան ալ կարեւոր չէր, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի համար տիրող կացութենէն բան պիտի չփոխուէր` ո՛չ բ. դասակարգի բարձրանալու եւ ո՛չ ալ Դ. դասակարգ փոխադրուելու իմաստով:
Ասիկա նկատի առնելով` ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ իր պահեստի մարզիկներով:
Խումբէն կը բացակայէին Սագօ Ազնաւորեան, Սագօ Ապաճեան, Յակոբ Տօնապետեան, Յովիկ Իզմիրլեան, Մամաս Քէհէեան, Վարդան Գոշոյեան եւ ուրիշներ:
Այժմ, 11-րդ հանգրուանի աւարտէն ետք, պիտի սկսին Բ. դասակարգ բարձրանալու եւ Դ. դասակարգ չփոխադրուելու մրցումները: