Ճատրակ. Միջերկրականեան 8-րդ Ախոյեանութիւն. Սուրիացի Ժուան Պաքըր Տիրացաւ Տիտղոսին
Շաբաթ, 26 յունուար 2013-ին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին (Ժընահ, Պէյրութ) «Կալերիա» սրահին մէջ աւարտեցաւ Ճատրակի միջերկրականեան 8-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Վերջին հանգրուանին, սուրիացի Ժուան Պաքըր յաղթելով Էքաթերինա Պաֆլիտոյի, ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը: Թէեւ անոր հայրենակից Պաշիր Եթի եւս` յաղթելէ ետք Ամրօ Ժաուիշի ապահովեց նոյնքան կէտ, սակայն հանդիսացաւ երկրորդ` նկատի ունենալով, որ Պաքըր Թայ-պրէյքով հռչակուեցաւ ախոյեան:
6,5 կէտ ապահովելով երրորդ դիրքը գրաւեց Անասթասիոս Պաֆլիտիս (Յունաստան), իսկ չորրորդ դիրքը` Ֆատի Իտ (Լիբանան)` 6 կէտով:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց տիտղոսակիրին, ան հանդիսացաւ Էքաթերինա Պաֆլիտօ (Յունաստան), որ ապահովեց 4,5 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց լիբանանցի Մայա Ժալլուլ, իսկ երրորդ դիրքը` սուրիացի Ֆաթմէ Ժալտէ (3,5 կէտ):
Մրցաշարքին փակման հանդիսութեան, նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր, նախ եւ առաջ շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` այս ախոյեանութիւնը հովանաւորած ըլլալուն համար:
Ան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, որ Լիբանան իր ամէն կարելին պիտի ընէ իւրաքանչիւր մրցաշարք լաւապէս հիւրընկալելու եւ արդարացնելու իր վրայ դրուած յոյսերը` միջազգային գետնի վրայ լաւ անուն ձեռք ձգելու համար:
Փակման այս հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Ճատրակի միջերկրականեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ճեֆրի Պորկ:
Նշենք, որ Լիբանանի կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ կը ներկայացնէր նախագահ Սլէյմանը: