Ակնարկ. Իսմայիլլիէն Պաքու Կամ Կենցաղայինէն Ազգայնականի Անցում

Ազրպէյճանի հիւսիսարեւմտեան շրջանի Իսմայիլլի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող պատահարները, ապա բողոքի ցոյցերն ու քաղաքացիական անկարգութիւնները գուցէ լուսարձակներ չհրաւիրէին իրենց վրայ։ Նման իրադարձութիւններ սկսած էին յաճախակի դառնալ Ազրպէյճանի տարածքին. մեկնաբանութիւնները ցարդ կը կեդրոնանային դասակարգերու ծայրայեղ բեւեռացման երեւոյթին վրայ՝ յատկապէս հարստապետական ընտանեկան իշխանութեան եւ թշուառութեամբ բնութագրուող բնակչութեան միջեւ խորացող անջրպետը ընդգծելով։ Յայտնապէս, կենցաղային հողի վրայ արձանագրուող դէպքերը արագօրէն կը վերածուէին ժողովուրդ-իշխանութիւն լարուածութեան եւ իրաւապահ մարմիններու հետ ցուցարարներու բախումներու։
Խնդիրը դիմափոխուեցաւ, երբ հետզհետէ պարզ դարձաւ, որ Իսմայիլլիի շրջանը լեզկի ազգաբնակչութեամբ յատկանշուած է. քաղաքացիական կամ զանգուածային անկարգութիւններ կամ անհնազանութիւններ  բառակապակցոթիւնները շուտով փոխարինուեցան լեզկիներու ապստամբութիւն բնութագրումով։ Եթէ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները ծայրայեղ զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերէին պատահարներուն մասին իրենց կատարած լուսաբանումներուն մէջ, ապա յատկապէս ռուսական զանգուածային լրատուամիջոցները փորձ կը կատարէին պատահարներուն պատճառով ծայր առած երեւոյթներուն ետին տեսնել իրադրութիւններու զարգացման շարջառիթները եւ մանաւանդ անոնց բնոյթը։
Լեզկիներու ապստամբութիւն եզրով Իսմայիլլիի միջադէպերը լուսաբանելը կը նշանակէր, որ դէպքերը կենցաղային հողէն կատարած են անցում դէպի ազգայնականը։ Առնչուած որեւէ կողմի քարոզչական քաղաքականութեամբ կրնար մեկնաբանուիլ նման որակում մը, եթէ Պաքուի իշխանութիւնները արտակարգ միջոցառումներու չդիմէին ընդվզումի դրսեւորումները ուղղակի խեղդելու ուղղութեամբ։ Մեծաթիւ ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւններ, Իսմայիլլի տանող ճանապարհներու փակում եւ… համացանցի, ընկերային ցանցերու եւ «Եութիուպ»-ի օգտագործման յստակ պետական արգելակում։
Կենցաղայինէն ազգայնականի այս անցումը դէպքերու զարգացման առումով հոս չէր սահմանափակուեր։ Իսմայիլլիի ցոյցերը արագօրէն կը տեղափոխուէին Պաքու։
Այսպէս. Պաքուի մէջ ծայր կ՛առնէր չարտօնուած ցոյց։  Ցոյցը հազիւ սկսած բախումներ կ՛արձանագրուէին  ոստիկաններուն և ցուցարարներուն միջև . առնուազն 50 մարդ  կը տարուէր  ոստիկանութիւն։ Հարկ էր ուշադրութիւն կեդրոնացնել Պաքուի մէջ բարձրացուած ցուցապսատառներուն վրայ տեղ գտած արձանագրութիւններուն վրայ. “Իսմայիլլին արթնցաւ, Պաքուն կ՛աջակցի իրեն” ։
Ցոյցը լուսաբանող լրագրողներ եւս արձանագրուած էին բանտարկեալներու շարքին։ Իսկ ցոյցը հրաւիրուած էր ընկերային ցանցերու միջոցով։

Ներազրպէյճանական յաճախակի դարձած այս իրադրութիւններուն հետեւողներուն ուշադրութենէն չէր վրիպեր ամերիկեան հակազդեցութիւնը։ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ուղղած էր իր քաղաքացիներուն՝ զգօնութիւն ցուցաբերելու Ազրպէյճանի բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ։ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատան պաշտօնական կայքի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուէր, որ համացանցային հաղորդումներու համաձայն, ցոյցեր կրնան տեղի ունենալ շարք մը շրջաններու մէջ, ինչպէս նաև Պաքուի մէջ։ Հետեւաբար,  Միացեալ Նահանգներու  քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուէր պահպանել զգօնութիւն՝ ճանապարհորդութեան ժամանակ և խուսափիլ մարդաշատ հաւաքավայրերէ։

«Շարք մը շրջաններ»-ու կանխազգուշացումը մտածել կու տայ, որ կը նախատեսուի դէպքերու որոշ ծաւալում՝ Իսմայիլլիէն Պաքու եւ այլուր։

Պաքուի իշխանութիւնները ամենայն հաւանականութեամբ այս հանգրուանին կը յաջողին զսպել համատարած բռնկումը։ Բայց «Եութիուպ»-ի, «Ֆէյսպուք»-ի, ընդհանրապէս համացանցի անջատումը, ճամբաներու փակումը, Միացեալ Նահանգներու  դեսպանութեան զգուշացումները, կը յիշեցնեն «Արաբական գարուն»-էն ազդուած երկիրներուն  իրավիճակը։ Տակաւին ձմեռ է Ազրպէյճանի մէջ։ Սակայն Պաքուի մէջ ցուցարարները Իսմայիլլիի արթնցած ըլլալուն մասին կը բարձրաձայնեն եւ կը խոստանան աջակցիլ։Իսկ արթննալը արդէն կենցաղային պատահական պատահարէն աւելի ազգայնական հողի վրայ զգացուող նախաապստամբական վիճակ կը յուշէ։

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES