50 Տարի Առաջ (30 Յունուար 1963)

Թատերական Կեանք

«Նոր Պսակը»

Հեղինակ` Յ. Օշական
Բեմադրիչ` Թ. Այնեճեան

Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, շաբաթ 26 եւ կիրակի 27 յունուար 1963, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Քոլեժ տը Լա Սալի սրահին մէջ ներկայացուց մեծանուն գրագէտ Յ. Օշականի «Նոր պսակը» թատերգութիւնը` բեմադրութեամբ երիտասարդ ու արժէքաւոր թատերասէր Թաթուլ Այնեճեանի:

Երեք արարնոց ընտանեկան ողբերգութիւն մըն է «Նոր պսակը»:

Երկաթի վաճառական Մարգարեան, բարի ու իր ըմբռնումով պարտաճանաչ հայր մը, որուն համար վայելքն ու զուարճութիւնը աւելորդ եւ անիմաստ բաներ են, որուն համար կեանքի միակ իմաստը կեդրոնացած աշխատանքով դրամ շահիլն է, ոսկի դիզելը, եւ որ անտարբեր եւ անկարող է ջերմ վերաբերում մը, կրքոտ սէր մը տալու իր կնոջ թաքուն պահանջներուն:

Պայմաններու այս ընթացքով կը սկսի ընտանեկան ողբերգութիւնը: Տիկին Մարգարեանի գաղտնի կապերը` ընտանիքի բարեկամներէն Վահրամի հետ, պատճառ կ՛ըլլան Մարգարեան ամոլի ամուսնալուծման` Դատաստանական խորհուրդի որոշումով:

Պատուախնդիր Մարգարեան, իր քոյրը` խստապահանջ Փիշթոֆ, երկու տղաներն ու նշանուած աղջիկը` Անժել, նոր տուն մը կը փոխադրուին: Իր զաւակներուն հետ տեսնուիլը խստիւ կ՛արգիլուի տիկին Մարգարեանի:

Անհամ է կեանքը Մարգարեան ընտանիքէն ներս: Անժելի ու իր ամուսնութեան համար դրամօժիտ պայմանադրած բժիշկ նշանածին միջեւ սառն վերաբերում: Վերջապէս, տիկին Մարգարեանի գաղտնի մէկ տեսակցութիւնը իր աղջկան` Անժելին հետ պատճառ կ՛ըլլայ նշանտուքի խզման, Փիշթոֆի խիստ միջամտութեան եւ Անժելի իր մօր տունը փոխադրուելուն:

Ողբերգութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին: Անժել յղի կը մնայ Վահրամէն: Գաղտնիքը երեւան կ՛ելլէ: Ուշ է արդէն ու Անժել` մահամերձ: Մայր ու աղջիկ զոհերն են Վահրամին: Զոհ մըն ալ ինքը` Վահրամը: Պահը յուզիչ է: Մարամերձին վերջին ցանկութիւնն է տեսնել իր բարի հայրը: Անժել կը կքի իր հօր ու մօր, Մարգարեան ամոլի «Նոր պսակ»-ին վրայ ու կ՛աւանդէ հոգին:

Վերի խիստ ամփոփ տողերով նկարագրուած, բայց` գրագէտ Օշականի թատերական ըմբռնումով կառուցուած այս արժէքաւոր ողբերգութիւնը «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին կողմէ ներկայացուեցաւ գնահատանքի արժանի բաւարար յաջողութեամբ:

Թատերախումբը իր արժէքէն ոչինչ կը նսեմացնէ, եթէ բեմադրիչին ուշադրութեան յանձնենք սրբագրութեան կարօտ կարգ մը թերութիւններ:

Հեղինակի գրական ընտիր ոճով ու ամէնէն պարզ լեզուով գրուած այս թատերախաղին մէջ, մերօրեայ գրական ճաշակով, բազմաթիւ «կոր»-երու գործածութիւնը լեզուական տգեղութիւններ էին:

Երրորդ արարի խոստովանութեան տեսարանին մէջ, մօր ու աղջկան խօսակցութեան ընթացքին, «Ո՞վ ըրաւ», «ե՞րբ» եւ այլն մօր հարցումները շատ հասարակ ու բեմի անվայել արտայայտութիւններ էին, որոնք կարելի էր գրական պատշաճ դարձուածքներով փոխարինել:

Նոյն երրորդ տեսարանին մէջ ինչպէ՞ս կարելի է համաձայն գտնուիլ այն մտածումին, երբ  աշխարհի ամէնէն անբարոյ կինն անգամ, իր մահամերձ աղջկան պատճառին` ոճրագործին, երէկի «իր բարեկամին» մէջ տակաւին սէր փնտռել փորձէ:

Անկախ բեմադրիչին ուղղուած քննադատութիւններէն` շատ մը վիճելի հարցեր կան այս թատերախաղին մէջ: Նիւթ` գրական ասուլիսի:

Արարքներ կան, ապրումներ ու մտածումներ, որոնք տանելի են գրական ստեղծագործութեան մէջ, կարելի է գրել: Բեմը, սակայն, ցուցադրութեան վայր չէ: Պատշաճութիւնները պէտք է յարգուին եւ գործածուող իւրաքանչիւր բառ իր բարոյական կշիռը պէտք է ունենայ:

Թատրոնը բարոյակերտ դպրոց է: Բեմադրիչին հեղինակութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի: «Նոր պսակ»-ի բեմադրութեան մէջ այդ հեղինակութիւնը չտեսանք: Գո՛նէ «բոզ»-երը վայել բառով մը փոխարինուէին:

Տակաւին, բեմական դժուարութիւններու շարքին, ընդունելով հանդերձ բազմաթիւ յարգելի դժուարութիւնները, միջնարարները պէտք չէ այդքան երկար տեւէին:

Բեմին աջ կողմը գտնուող տան վարի դրան զանգը զարնողը բեմի խորքի պատուհանէն կարելի է տեսնել, տրամաբանական է, բայց երկրորդ արարին, միեւնոյն կողմէն դրան զանգը զարնողը կարելի չէ տեսնել բեմի ձախ կողմի պատուհանէն:

Հակառակ վերոյիշեալ եւ այլ թերութիւններու, երկար աշխատանքներէ ետք, «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը գնահատանքի միայն արժանի է` բաւարար յաջողութեամբ բեմադրել կարենալուն համար «Նոր պսակը» թատերախաղը:

Աշխատանքի ամէնէն սեւ բաժինը, անկասկած, բեմադրիչ եւ դերուսոյց Թաթուլ Այնեճեանի ուսերուն վրայ դրուած էր: Ու թատերական ասպարէզին մէջ յառաջդիմող Թաթուլ Այնեճեան, նուաճում մը կատարած էր բեմ հանելով Անժել մը (Սօսի Թաւուգճեան), որ կրցաւ ապրում դնել իր խաղարկութեան մէջ. Մարիամը (Տիգրանուհի Տեմիրճեան), որ շնորհալի պարզութեամբ խաղաց սպասուհիի իր դերը. Փիշթոֆը (Մարկօ Սամանճեան), որ կրցաւ ընդհանրապէս իր դերին մէջ ըլլալ եւ տիկին Մարգարեանը (Մարի Խաչատուրեան), որ նոյնպէս չունեցաւ տկար խաղարկութիւն:

Յաջող տիպար մըն էր փաստաբանը (Յարութիւն Գաբրիէլեան): Պր. Մարգարեանի դերակատարը (Բիւզանդ Արզումանեան) թատերախումբին լաւագոյն ուժերէն է, Սարգիսը` Անժելին նշանածը (Գալուստ Ճանսըզեան) պէտք էր աւելի համակրելի խաղարկութիւն մը ցոյց տար, Սուքիաս էֆենտին (Տրդատ Աւետիքեան) լաւ տիպար մըն էր, բայց բժիշկը (Պետրոս Շաննագեան) իր հիւանդով հետաքրքրուող բժիշկ մը չէր: Տինանեանի դերակատարը (Վազգէն Թերզեան) բաւարար լաւ էր: Դատաստանական խորհուրդին անդամները եւ բեմ եկող միւս տիպարները պէտք եղած խնամքին չէին արժանացած:

Վահրամին դերակատարը (Թաթուլ Այնեճեան), անկասկած խումբին լաւագոյն ուժն է: Շատ լաւ խաղարկութիւններ ունեցած է անցեալին: Այս անգամ ալ թէեւ յաջող խաղարկութիւն մը ունեցաւ, բայց կրնար աւելին տալ:

«Լեւոն Շանթ» թատերախումբը «Նոր պսակ»-ի բեմադրութեամբ նուաճում մը կատարեց` շնորհիւ բեմադրիչին: Պուրճ Համուտի բոլոր թատերախումբերէն վեր, այլեւս առաջնակարգ դիրք մը կը գրաւէ:

Թատերախաղի վերջաւորութեան թատերախումբը բեմին վրայ արժանացաւ երկարատեւ ծափերու, առաւել ծափահարուեցաւ Թաթուլ Այնեճեան:

Պուրճ Համուտի «Համազգային»-ի վարչութիւնը կրնար կողով մը ծաղիկ, գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրել իր արժանաւոր թատերախումբին ու անոր բեմադրիչին:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Share this Article
CATEGORIES