«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հալէպ` Իր Կրթական, Մշակութային, Ընկերային Եւ Մարզական Կառոյցներով

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը

Հալէպի հայկական վարժարանները, Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ, Տաուտիէ, Պարագայ Սուրիան, Վեքիլիէ, Հարթ Սիսի, Շէյխ Մաքսուտ եւ Գերմանիկ թաղերուն մէջ կեդրոնացած, փայլուն դեր կատարեցին հայեցի դաստիարակութեան եւ հայակերտումի իրենց առաքելութեան մէջ: Յատուկ յիշատակութեան եւ երախտագիտութեան արժանի է դանիացի միսիոնարուհի Քարէն Եփփէ. իբրեւ Եոհաննէս Լեփսիուսի կազմակերպած Արեւելքի միսիոնարութեան անդամ ան Ուրֆայի մէջ ծառայեց հայութեան եւ յետոյ ալ Հալէպի մէջ շարունակեց իր մարդասիրական բոլորանուէր առաքելութիւնը: Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը հիմնական դեր ունեցաւ կրթական եւ մշակութային գործին մէջ:

Հալէպ համահայկական ողիմպիական խաղերու կեդրոն էր: Հալէպ մարզական կեանքի մէջ ուղեցոյց մը եղաւ, իր շուրջ հաւաքեց Միջին Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը` Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Կիպրոսէն եւ Իրաքէն, եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Նշանաւոր էր ՀՄԸՄ-ի պարտէզը, ուր մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընկերային, ժողովրդային եւ մարզական հանդիպումներ տեղի կ՛ունենային:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեան (ապագայ Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) իր կարեւոր նպաստը բերաւ կրթական եւ հոգեմտաւոր շարժումներուն, եկեղեցի եւ դպրոց իրարու զօդելու աշխատանքներուն մէջ:

Օգնութեան խաչը իր կարգին բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ եւ իր նպաստը բերաւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ, մանաւանդ Ճեզիրէի այն շրջաններուն մէջ, ուր հայկական վարժարաններ գոյութիւն չունէին:

Հայրենակցական միութիւնները իրենց կարգին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են ազգային կեանքին մէջ. ամէնէն աւելի աշխուժ գործունէութիւն ունեցած են Այնթապի, Մարաշի, Սասունի եւ Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնները:

Հալէպի ժողովուրդը աւանդապահ եղած է, պահպանած է Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն իր հետ բերած հայկական տոհմիկ բարքերն ու սովորութիւնները: Ամուսնութիւնները ծնողներու գիտակցութեամբ եւ օրհնութեամբ կը կատարուէին եւ ընտանիքները կ՛օժտուէին բազմածին զաւակներով: Տանտիկինները աշխատասէր էին. ամառնային բնութեան եւ հողին բարիքներէն օգտուելով միրգեր եւ բանջարեղէններ կը չորցնէին, արմտիքի, իւղի եւ կաթնեղէնի պաշար կ՛ամբարէին եւ ձմեռուան մթերքը կ՛ապահովէին: Այսպիսով, տան մէջ սննդեղէնի առատութիւն պահելու գեղեցիկ սովորութիւնը կը պահպանուէր:

Հալէպ նշանաւոր էր իր ժողովրդային բաղնիքներով, ուր շոգիով բուժումի հիանալի միջոցառումներ կը կիրարկուէին:

* * *

«Ազդակ» 1950 օգոստոսի թիւերով, յաջորդական թղթակցութիւններով կ՛անդրադառնայ Հալէպի հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներուն, յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով դպրոցներուն, մարզական կեանքին եւ Օգնութեան խաչի գործունութեան վրայ:

Հալէպի հայկական վարժարաններու վիճակը, 1950-ի տուեալներով, հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր.

 

Վարժարաններ երկսեռ աշակերտութիւն Ուսուցչական կազմ
Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան 63 12
Սահակեան (Նոր Գիւղ) 475 17
Մեսրոպեան (Նոր Գիւղ) 430 14
Զաւարեան (Նոր Գիւղ) 490 17
Կիլիկեան (Նոր Գիւղ) 400 11
Հայկազեան 700 28
Կիւլպենկեան (Սիւլէյմանիէ) 225 9
Վարդանեան (Տաուտիէ) 290 11
Արամեան (Պարագայ Սիրիէն) 82 3
Կրթասիրաց (Վէքիլիէ) 475 19
Կիլիկեան (Հարթ Սիսի) 610 16
Արմէնեան (Շէյխ Մաքսուտ) 82 4
Գերմանիկեան (Գերմանիկ թաղ) 175 5
Ուսումնասիրաց 470 19
Ընդհանուր գումար 4967 185

Այս ցանկը յստակօրէն կը պարզէ թէ հալէպահայ մօտ 5000 աշակերտ-աշակերտուհիներ կը յաճախեն հայ վարժարանները, իսկ հազարի մօտ աշակերտներ ալ` օտար վարժարաններ, առաւելաբար Ամերիկեան վարժարան, Ֆրերներ ու Լայիք երկրորդական վարժարանը. հազուագիւտ են անոնք, որոնք պետական վարժարան կը յաճախեն:

Դպրոցներու պիւտճէն կը հաւասարակշռուի, մաս մը աշակերտական կրթաթոշակներէ, տուրքերէ, պետական նպաստներէ, Օգնութեան Խաչի, հայրենասիրական եւ բարեսիրական այլ միութիւններու տեւական նպաստներէ, հանդէսներէ եւ զանազան ձեռնարկներէ գոյացած հասոյթներէ եւ վերջապէս Բարեգործականի ենթակայ դպրոցներու, Բարեգործականի կողմէ տրուած նպաստներէ:

ՀՄԸՄ-Մարզական տեսակէտով ամբողջ Սուրիոյ մէջ, Հալէպ կը նկատուի ամենակարեւոր կեդրոն մը, ուր գոյութիւն ունին բազմաթիւ մեծ ու փոքր մարզական միութիւններ, որոնց կարգին առաջին տեղը կը գրաւէ ՀՄԸՄ-ը, իր զանազան ճիւղաւորումներովը, որը իրաւամբ կոչուած է Սուրիոյ «Ծաղիկը» արաբ սկաուտապետի մը կողմէ:

Ամբողջ Հալէպի եւ իր արուարձաններուն մէջ գոյութիւն ունի միակ վարչութիւն մը. անդամներու թիւը միայն 400-է աւելի է, առանց նկատի առնելու աւելի քան 500 սկաուտ եւ երէց սկաուտները, 200 գայլիկներն ու 60 արենուշները: 11 հոգինոց վարչութիւն մը կը ղեկավարէ այս մեծ կազմակերպութիւնը, որուն անդամները օրըստօրէ կը բազմանան եւ կը ծաւալին ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ, խոր արմատներ ձգելով անոնց սրտերուն եւ հոգեկան զգացումներուն վրայ:

ՀՄԸՄ-ի աշխատանքը բաժնուած է 12 յանձնախումբերու մէջ, իւրաքանչիւր յանձնախումբ կը բաղկանայ 5-7 հոգիէ, որու ամէն մէկ բաժինին մաս կը կազմէ վարչական անդամ մը, բարոյական կապ մը պահելով վարչութեան հետ:

Սուրիոյ մէջ, կառավարութեան կողմէ վաւերացուած է Հալէպի եւ Դամասկոսի վարչութիւնները. վերջերս, տարուած բացառիկ աշխատանքի շնորհիւ վաւերացուած է նաեւ Արաբ-Բունարի մասնաճիւղը: Հալէպի տեղական վարչութիւնը, տեսակ մը ենթաշրջանային վարչութեան դերը կը կատարէ հոս, ան կը գլխաւորէ Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մասնաճիւղերը եւ ջանք չի խնայեր, իրեն ենթակայ մարզական միութիւններն ալ վաւերացնել տալու համար: Այս առթիւ ան կառավարական շրջանակներու հետ սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ եւ յաճախակի տեսակցութիւններ կ՛ունենայ, որպէսզի մեր բոլոր մասնաճիւղերը պաշտօնապէս ճանչցուին տեղական կառավարութեան կողմէ:

Տեղական բարեխնամ կառավարութիւնը ոչ միայն մարզական միութիւնը կը վաւերացնէ, այլ նաեւ վարչութիւնը, անոր ընտրութիւնը կը նկատէ իր անդամներու ընտրութիւնը, եւ վարչութեան թեկնածու եղող անձերու բարոյականին շուրջ երկար խորհրդածութիւններ կ՛ունենայ եւ  Ապահովութեան ընդհանուր գրասենեակէն նպաստաւոր տեղեկութիւններ քաղելէն վերջն է, որ կը վաւերացնէ վարչութիւնը: Այնուհետեւ նորընտիր վարչութիւնը կը նկատուի բարոյապէս կառավարութեան կրթական մէկ անձնակազմը:

Այս տարի կառավարութեան հրամանով փոխուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի անունը, այնուհետեւ ան պիտի կոչուի «Նէտի Սուրի Րիատի», եւ պզտիկ գրերով, փակագիծի մէջ պիտի պահուի ՀՄԸՄ-ը: Անդամատետրերու մէկ երեսը` արաբերէնով վերոյիշեալ ձեւով պիտի գրուի, իսկ միւս երեսը` հայերէնով:

Հալէպ

Հալէպի հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հոգիով եւ սրտով կապուած է ՀՄԸՄ-ի, անոր ամէն մէկ ձեռնարկը լիովին կը քաջալերուի, այդ պատճառաւ է որ քաղաքի ամենամեծ ձեռնարկը կը գլխաւորուի ՀՄԸՄ-ի կողմէ, եւ ամէն անգամ ալ տասնեակ հազարաւոր բազմութիւններ կը փութան իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնը բերելու անոր, որպէսզի ան ուռճանայ եւ իր հետապնդած նպատակին հասնի, իր գեղեցիկ գաղափարականը տարածելու համար բոլոր ժողովուրդին մէջ:

Մարզական բաժինին աւելի ուժ տալու եւ ժողովուրդին կողմէ ներկայացուած այլազան առաջարկներուն գոհացում պատճառելու համար, տեղական վարչութիւնը ջանք չէ խնայած. նիւթական թէ բարոյական գետնի վրայ եւ իր բոլոր ջանքերը միշտ յաջողութեամբ պսակուած են: Ծանօթ է արդէն «Նաւասարդեան» դաշտի բացումը, ուր հարիւրաւոր երիտասարդներ, առանց դասակարգի խտրութեան, քանի մը օրուան ընթացքին գերմարդկային ճիգեր թափելով անապատ ու քարքարոտ վայր մը մարզադաշտի վերածեցին, հիացում պատճառելով եկուոր հանդիսատեսներու: Այս իսկ կ՛ապացուցանէ, որ բարոյական ի՜նչ մեծ զօրութիւն իրենց զգացումները կը զօդէ ՀՄԸՄ-ի բարձր գաղափարականին: Ասկէ զատ, վարչութիւնը գնած է քաղաքի կեդրոնին մէջ 5000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ դաշտ մը 65,000 ս. ոսկիի պատկառելի գումար մը վճարելով: Այս գումարը  գոյացաւ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կողմէ տրուած լիաբուռն եւ սրտաբուխ նուէրներով:

Վերոյիշեալ դաշտը, բացի ֆութպոլէ, ամէն տեսակ մարզական խաղերու պիտի յատկացուի, ուր պիտի շինուին արդիական մարզավայրեր, իրենց յարակից բոլոր յարմարութիւններով, եւ ամբողջ քաղաքի հայութեան համար պիտի կառուցուի ընտանեկան եւ մարզական հսկայ ակումբ մը: Հոս է որ պիտի մարզուին բոլոր մարզական յարմարութիւն ունեցող մարզասէրները եւ իրենց նախասիրած ճիւղին պիտի կրնան հետեւիլ, ամէն տեսակ խաղավայրեր գտնելով: Ծրագրուած է շինել աթլեթիք խաղերու յատուկ վայրեր, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, թենիսի եւ այլ խաղերու համար արդիական ըմբռնումով դաշտեր, որոնք դիւրութիւն պիտի տան թէ մարզիկներու, որ իրենց լաւագոյն խաղերը ցուցադրեն, թէ բազմահազար հանդիսատեսներու, որ կարենան հանգստաւէտ թրիպիւններէն դիտել խաղերու բոլոր մանրամասնութիւնները:

Հալէպի ՀՄԸՄ-ը ունի 12 երկրորդական եւ Ա. կարգի ֆութպոլի խումբեր, ունի պասքեթպոլի 5 խումբեր, որոնցմէ մէկը կը բաղկանայ աղջիկներէ, ունի վալիպոլի 4 խումբեր եւ թենիսի 7 հոգիէ բաղկացած խումբ մը: Ասկէ զատ` 60-70 հոգիէ բաղկացեալ ՀՄԸՄ-ականներ կը հետեւին աթլեթիք խաղերու, եւ 15 հոգի ալ` մարմնի ֆիզիքական գեղեցկութեան զարգացման համար տեւական աշխատանքի լծուած են, որպէսզի համաշխարհային առումով բոլոր կատարուած մրցումներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն:

Սկաուտութիւնը նոյնպէս զարգացած է Հալէպի մէջ, հոն կը տիրէ բացարձակ հնազանդութիւն, կարգապահութիւն եւ սկաուտիզմի վայել ընթացք: Բոլոր սկաուտութիւնը այս վայրին մէջ կը ղեկավարուի 85 փոխխմբապետներով եւ վարիչներով: Երկու խմբապետներ գոյութիւն ունին, բայց մէկն է միայն գործնապէս խմբապետութիւն ընողը: Թէեւ ընդհանուր ժողովէն ընտրուած են եղբայրներ Լեւոն Պապլուզեան եւ Արսէն Դանիէլեան, այսուհանդերձ այս վերջինն է, որ կը վարէ ամբողջ սկաուտիզմի խմբապետութիւնը:

Ֆանֆառը կը բաղկանայ 50 սկաուտներէ, 25-ի չափ ալ մարզուելու վրայ են, կարենալ մաս կազմելու համար այս խումբին: Ֆանֆառը իր միանուագ կազմով ոչ միայն փառքը կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի, այլ ամբողջ հալէպահայութեան: Ատով է, որ կ՛ոգեւորուին եւ հարիւրաւորներ կը համախմբուին խտացնելու համար անոր շարքերը:

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ.- Ինչպէս միւս բոլոր ազգային կազմակերպութիւնները, Սուրիահայ Օգնութեան խաչն ալ 18 մասնաճիւղերով` լաւագոյն կերպով կազմակերպուած է, փրկարար աշխատանք մը տանելով ազգային եւ մշակութային մարզերուն մէջ հաւասարապէս: Կնոջական ծաւալուն այս կազմակերպութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայի մէջ ունեցած ձգտումներուն թարգմանը հանդիսացած է, այլ` իր փայլուն անցեալով եւ ապագայի համար ուրուագծած գործունէութեան լայն ծիրովը, յաջողութեան լաւագոյն գրաւականը ներշնչած է, ազգային իտէալի իրականացման մեծագոյն ապացոյցը տալով:

Սուրիոյ բոլոր գլխաւոր վայրերուն մէջ գրեթէ  Օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը կազմուած է, եւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ իր նիւթական թէ բարոյական միջոցներու ներած չափով – միեւնոյն ատեն տեղական պայմաններուն ալ յարմարելու ձգտումն ունենալով-, առաւել կամ նուազ իր շրջանի կարիքներուն գոհացում տուած է:

Այս բոլոր մասնաճիւղերը կը ղեկավարուին միակ շրջանային վարչութեամբ մը, որ կ՛ընտրուի երկու տարին անգամ մը, շրջաններէն եկող պատգամաւորներու մեծամասնութեան ձայնով:

Շրջանային վարչութիւնը ամէն մարզի մէջ բեղուն եւ շինարար գործունէութիւն ունեցած է: Ան` շրջաններու մասնաճիւղերուն – ի մասնաւորի Ճէզիրէի շրջանին – գործունէութեան հետեւելու եւ կազմակերպական դժուարին գործը յաջողցնելու համար նշանակած է գործիչ մը, որ զանազան առիթներով կ՛այցելէ այդ վայրերը եւ կը կատարէ իրեն վստահուած պաշտօնը: Նոյնպէս ներգաղթի առիթով, քանի մը տարիէ ի վեր Սուէտիայի շրջանի կազմալուծուած մասնաճիւղը վերակազմուած է: Հետաքրքրուած է արծուիկներու կեանքով եւ իր կարելի բոլոր միջոցներով սատարած է անոնց, որպէսզի միութեան ապագայի խարիսխը կազմելու սահմանուած փոքրիկներու այդ կազմակերպութիւնը աւելի ծաւալի եւ իր արմատները նետէ ժողովուրդի ամէն խաւերուն մէջ:

Արծուիկներու դաստիարակութեան եւ ֆիզիքական զարգացման համար կազմակերպած է բանակումներ:

Որպէս գլխաւոր ձեռնարկ, Սահակ Բ. կաթողիկոսի մասնաւոր կոնդակով արտօնած «Ծոմապահութեան օր»-ը կը շարունակէ ամէն տարի եւ այդ նշանակուած օրուան ընթացքին, բոլոր շրջաններու մէջ հանգանակութիւն կը կատարուի, ինչպէս` Լիբանանի մէջ` «Պնակ մը կերակուր»-ի առթիւ: Երկու տարուան ընթացքին կատարած հանգանակութիւններէն գոյացած է 14062 ս. ոսկի:

Միութեան տարեդարձը եղող օրուան տօնակատարութիւններն ու միութեան քառասնամեայ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուած են գրեթէ բոլոր շրջաններու մէջ:

Ամէն տարի հրապարակ հանած է միութեան օրացոյցը, որպէս փրոփականտի միջոց եւ զայն բաժնած բոլոր մասնաճիւղերուն, առանց շահի ակնկալութեան, զայն վերապահելով մասնաճիւղերու որպէս հասոյթ:

Քարէն Եփփէ

Կրթական գործին մանաւանդ մասնաւոր հոգածութիւն ունեցած է, իր հետաքրքրութեան առանցքը կեդրոնացնելով այս մարզին վրայ, որպէս հայապահպանման եւ մշակոյթի զարգացման ամենակարեւոր ազդակ նկատելով հայ մանուկներու դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան դժուարին գործը: Այս առթիւ պատգամաւորական ժողովը իր պիւտճէին 7590-ը կրթական գործին յատկացնելու որոշում կայացուցած է:

Շրջաններէն եկող աշակերտներու յատուկ Ուսանողական տուներ հիմնած է, Նոր Գիւղի մէջ աղջիկներու համար, իսկ մանչերը  առժամապէս մնացած են Պատսպարան: Իսկ Ճէզիրէի կարգ մը շրջաններուն մէջ նախակրթարան գոյութիւն չունենալուն, կարգ մը աշակերտներ կը ղրկուէին Հալէպ մեծ դժուարութիւններու եւ անպատեհութիւններու առջեւ դնելով տեղւոյն մարմինները: Այս կացութեան վերջ դնելու մտադրութեամբ Շրջանային վարչութիւնը ծրագրած էր Գամիշլիի նախակրթարանին մէջ հաւաքել բոլոր այն սաները, որոնք իրենց վայրին մէջ զրկուած էին նախնական ուսումէ, եւ այդ առթիւ ուսանողական տուն մը հիմնել տեղւոյն վրայ,  որպէսզի վերոյիշեալ աշակերտները Հալէպ գալու դժուարութեան առջեւ չգտնուին: Իրենց նախնական ուսումը ստանալէ վերջ միայն գան Հալէպ Ճեմարանի մէջ շարունակելու համար իրենց երկրորդական ուսումը:

ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ – Ունի տիկնանց յանձնախումբ, որ Ազգային առաջնորդարանի կողմէ ընտրուած խնամակալութեան ենթակայ միութիւն մըն է: Այս միութիւնը իր նախաձեռնած տարեկան զանազան ձեռնարկներով եւ գանձումներով մօտ 5,000 ս.ո. կ՛ապահովէ վարժարանին: Ընդհանրապէս ժողովուրդի բոլոր խաւերու մէջ կը պահէ օժանդակ ընտանիքներ, որոնք 10 ս. ոսկիէն մինչեւ 60 ս. ո. կը վճարեն, որպէս մէկ տարուան կրթական տուրք:

Շրջանային վարչութիւնն ալ անցած երկու տարիներու ընթացքին Ճեմարանին վճարած է 6,000 ս. ոսկի, ասկէ զատ հոն կը պահէ տասը սան-սանուհիներ, որոնց կրթաթոշակն ու գրենական պիտոյքները կը հոգայ: Ամփոփելով դրուած նպաստներու գումարը, Սուրիահայ Օգնութեան խաչը իր կեդրոնով եւ մասնաճիւղերով` իր պիւտճէին 35 առ հարիւրը յատկացուած է կրթական գործին եւ այս յատկացումները կատարուած են Ազգային առաջնորդարանի խողովակով, բաշխումը վստահելով Ուսումնական խորհուրդին:

Առողջապահական մարզին մէջ եւս յատկանշական է իր գործունէութիւնը, նիւթական աջակցութեան զուգընթաց, բարոյական օժանդակութիւնն ալ չէ զլացած: Նոր Գիւղի մէջ հիմնած է դարմանատուն մը, ուր կ՛այցելէ Օգնութեան խաչի բժիշկը եւ մնայուն հիւանդապահուհիին հետ կը դարմանէ բոլոր չքաւորները: Շրջաններէն եկած հիւանդներն ալ մեծ մասամբ հոս կը դարմանուին: Երկու տարուայ ընթացքին 3750 հիւանդներ քննած եւ դարմանած է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES