Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայկ Դեմոյեան Հատորի Մը Մէջ Ամփոփած Է
Հայկական Ազգային Խորհրդանշանները
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյեան հրատարակած է գիրք մը, որուն մէջ ամփոփուած են հայկական ազգային խորհրդանշանները:
«Հայկական ազգային խորհրդանշաններ» խորագրով գիրքը նուիրուած է հայ տպագրութեան 500-ամեակին եւ տպագրուած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ:
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 25 յունուարին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մէջ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայկ Դեմոյեան նշեց, որ աշխատութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տարբեր աղբիւրներէ առնուած լայնածաւալ նիւթի հիման վրայ ներկայացուած են հայկական մատենագրութեան, ճարտարապետութեան, պատկերաքանդակներու, լուսանկարներու եւ նիւթական մշակոյթի այլ օրինակներու մէջ պահպանուած հայկական զինանշանները, դրօշները, պետական եւ ազգային խորհրդանշանները:
«Տարբեր դարաշրջաններու մէջ դառնալով ազգի ոգեշնչման եւ յաղթանակի գրաւական` այս խորհրդանշանները հայ պետականութեան եւ ազգային համախմբման իւրօրինակ վկայութիւններ են», յայտնեց Հայկ Դեմոյեան:
Պատմաբանը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր պետութիւն արտաքին աշխարհին կը ներկայանայ իր խորհրդանշաններով` դրօշով, զինանշանով եւ պետական քայլերգով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ողջունեց շնորհահանդէսին բոլոր մասնակիցները եւ կարեւոր նկատեց Հայկ Դեմոյեանին կատարած աշխատանքը: Նախարարը խորհրդանշական համարեց այն հանգամանքը, որ շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի զինուած ուժերու 21-րդ տարեդարձին առիթով: «Այս պէտք է զինուորականներուն համար իւրատեսակ դասագիրք եւ սեղանի գիրք ըլլայ», շեշտեց պաշտպանութեան նախարարը:
Մենագրութիւնը կը ներառէ նաեւ մինչեւ օրս անյայտ կամ քիչ հասանելի եղած նիւթեր եւ փաստեր: Հայկական զինանշանային համակարգի ուսումնասիրութիւնը տարբեր հետազօտողներու յատուկ ուշադրութեան արժանացած է:
Սուրբ Սարգիսի Տօնին Առիթով Հայաստանի Վարչապետը
Եւ Երեւանի Քաղաքապետը Այցելեցին Սիրահարներու
Զբօսայգի
Երեւանի Սիրահարներու զբօսայգիին մէջ նշուեցաւ երիտասարդներու եւ սիրոյ բարեխօս Ս. Սարգիսի տօնը: Ձեռնարկը կայացաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեան տակ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ բազմաթիւ երիտասարդներ:
Տօնակատարութեան ժամանակ ելոյթ ունեցան Արարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» երգչախումբը եւ հայկական էսդրատայի խումբ մը ներկայացուցիչներ:
Զբօսայգիին մէջ հաւաքուած բազմութեան բաժնուեցան տօնը խորհրդանշող բացիկներ եւ այլ նուէրներ: Ձեռնարկին ներկաները ողջունեց նաեւ Ս. Սարգիսի կերպարը մարմնաւորող ձիաւորը:
Ս. Սարգիս այն նուիրեալներէն էր, որ իր զաւակին եւ 14 քաջ մարտիկներու հետ նահատակուեցաւ յանուն քրիստոնէութեան: Կ՛ըսեն, որ Ս. Սարգիս հովանաւորած է նաեւ Սասունցի Դաւիթին եւ Սասունի բոլոր հերոսները` ռազմի դաշտին եւ սիրոյ մէջ:
Նշենք, որ Ս. Սարգիսի` սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօնին առիթով «Ժամանակը սէր է» խորագրով ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ յունուար 25-ին եւ պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ հանրութեան մինչեւ փետրուար 25:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մօտաւորապէս 30 ժամանակակից անուանի հայ գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու, որոնցմէ են` Մարտիրոս Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Յակոբ Յակոբեանի մօտաւոր 200 աշխատանքները:
Ներկայացուած բոլոր աշխատանքները ցուցահանդէսին խորագրին համապատասխան միաւորած են սիրոյ նիւթը:
Սուրիահայ Ուսանողները Ստացան Ուսման
Ծախսի Փոխհատուցման Հաւաստագրեր
Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցած են ի թիւս շարք մը ընդհանրական, հիմնական հարցերու նաեւ համալսարաններու ուսման ծախսը վճարելու դժուարութիւնները: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը հարցը բարձրացուցած է պատկան մարմիններուն մօտ, որուն իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է երիտասարդական հիմնադրամին յատկացնել 40 միլիոն դրամ, մօտաւորապէս` 100 հազար տոլար, սուրիահայ ուսանողներու ուսման ծախսերը հոգալու նպատակով, եւս 13 միլիոն դրամ յատկացուցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը:
Դեկտեմբեր 28-ին Հայաստանի տարբեր համալսարաններու 111 ուսանողներ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Հայաստանի սփիւռքի եւ կրթութեան նախարարներու, Երիտասարդական հիմնադրամի ղեկավարին կողմէ ստացան ուսման ծախսերու փոխհատուցման հաւաստագրեր:
Ողջունելով ներկաները` վարչապետը նշեց. «Մեր այսօրուան ձեռնարկին նպատակն է օգնել սուրիահայերուն առկայ ժամանակաւոր դժուարութիւնները աւելի դիւրութեամբ յաղթահարելու: Քաջատեղեակ եմ, որ կան բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է նաեւ պետութեան օժանդակութիւնը»:
Տիգրան Սարգսեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը պիտի հետեւի կրթաթոշակի հաւաստագիր ստացած բոլոր սուրիահայ ուսանողներու ուսման գործընթացին: «Մենք մնայուն նեցուկ պիտի կանգնինք ձեր կողքին, եւ դուք պիտի տեսնէք, որ պետութեան օժանդակութիւնը առարկայական է: Այսօրուան մեր հանդիպումը այս խօսքին լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է», շեշտեց վարչապետը: Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, որ այսօր երիտասարդներուն հարցը օրինակելի ուսանող ըլլալն է, որուն պիտի նպաստէ Հայաստանի կառավարութիւնը: «Անկախ բոլոր դժուարութիւններէն` դուք երջանիկ էք, որովհետեւ ունիք ազատ, անկախ Հայաստան, որ ամուր կանգնած է իւրաքանչիւրիդ կողքին եւ պատրաստ է առաւելագոյն չափով օժանդակելու բոլոր հարցերուն մէջ»:
Հանդիպման աւարտին սուրիահայ ուսանողները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Հայաստանի կառավարութեան:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Սփիւռքահայ
Մանկավարժները Պարգեւատրեց
«Ուիլիըմ Սարոյեան» Մետալով
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Մոսկուայի Էն. 1650 բազմամշակութային դպրոցի հիմնադիր եւ տնօրէն Օֆելիա Առաքելեանը եւ Քիեւի հայկական համայնքին կից հայկական դպրոցի վաստակաշատ ուսուցիչ Կարինէ Թումաղայեանը:
Սփիւռքի մէջ հայ գաղութի գոյատեւման գործին մէջ շեշտելով հայ մանուկներուն մայրենի լեզու դասաւանդող ուսուցիչին դերը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարը նշած է, որ նախարարութեան մէջ հիմնուած են մետալներ, որոնց կ՛արժանանան սփիւռքի մէջ ապրող եւ գաղութի կեանքին մէջ աւանդ ներդրած լաւագոյն անհատները: Իսկ հայկական դպրոցներու մէջ դասաւանդող մանկավարժներուն դերը անգնահատելի է:
Այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ սփիւռքի հայ մանկավարժը կրնայ զբաղիլ առաւել շահաւէտ աշխատանքով եւ հոգալ ընտանիքին պէտքերը, կը նախընտրէ ուսուցիչի անձնուէր եւ դժուարին ուղին` գիտակցելով ազգանուէր գործունէութեան հրատապութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: «Մենք անսահման շնորհակալ ենք ձեզի եւ կ՛օգտագործենք բոլոր կարելի առիթները` խրախուսելու եւ ոգեւորելու ձեր գործունէութիւնը, գնահատելու հայ մանկավարժին վաստակը», շեշտած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարը:
Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութեան, այդ բնագաւառին մէջ ակնառու նուաճումներու եւ ձեռքբերումներու, ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, սփիւռքի միջհամայնքային կապերու ամրապնդման գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալու համար սփիւռքահայ վաստակաւոր մանկավարժներ Կարինէ Թումաղայեան եւ Օֆելիա Առաքելեան պարգեւատրուած են Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
Մեծարուողները շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարին իրենց գաղութներուն մէջ գործող հայկական դպրոցներու նկատմամբ մնայուն ուշադրութեան եւ հոգածութեան համար` նշած են, որ «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրումը նախ մեծ պատասխանատուութիւն է այն վստահութեան հանդէպ, որ ցուցաբերուած է իրենց, ապա պարտաւորութիւն` աւելի լաւ աշխատելու:
«Թումօ» Կեդրոն` Նաեւ Դիլիջանի Մէջ
Դիլիջանի մէջ 26 յունուարին բացումը կատարուեցաւ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին: «Թումօ» կեդրոնի հաղորդակցութեան բաժնի համադրող Գայեանէ Այվազեան լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ 26 յունուարին պիտի կատարուի «Կեդրոնական դրամատուն»-ի «Գիտելիք յանուն զարգացման» կեդրոնին բացումը, որուն յարկերէն մէկը նախատեսուած է յատկացնել «Թումօ» ծրագիրին: «Թումօ» ծրագիրը, որ պատանիներու համար հասանելի է Երեւանի մէջ, այժմ նաեւ հասանելի կը դառնայ Դիլիջանի մէջ», նշեց Գ. Այվազեան: Ան տեղեկացուց, որ կեդրոնը օժտուած է 29 Էփըլ համակարգիչով:
Յատուկ կերպով մշակուած «Թումօ» ուսումնական ծրագիրի միջոցով պատանիները պիտի բացայայտեն եւ պիտի ուսումնասիրեն չորս հեռանկարային ոլորտներ` թուային մետիա, խաղերու ստեղծում, գծանկարչութիւն, կայքէջերու մշակում: Միաժամանակ աշխատելով իրական նախագիծերու վրայ` պատանիները պիտի հմտանան իրենց նախընտրած ոլորտներուն մէջ, ձեռք պիտի բերեն խմբային աշխատանքի եւ հաղորդակցման հմտութիւններ, պիտի ձեւաւորեն վերլուծական մտածելակերպ, պիտի զարգացնեն նախաձեռնողական կարողութիւնները: Յունուար 29-էն սկսեալ թուային արհեստագիտութիւններով հետաքրքրուած 12-16 տարեկան դիլիջանցիները կրնան այցելել «Թումօ»` արձանագրուելու համար: «Թումօ»-ի մէջ ուսուցումը անվճար է:
«Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը Երեւանի մէջ բացուած է 2011 թուականի ամրան: Անիկա ստեղծուած է Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Այսօր կեդրոնին մէջ կ’ուսանին 12-18 տարեկան հինգ հազարէ աւելի պատանիներ, իսկ օրական դրութեամբ կեդրոն յաճախողներուն թիւը կը շրջանցէ հազարը:
Յայտարարուած Է «Գիւմրին 2013 Թուականի Անկախ
Պետութիւններու Հասարակապետութեան Մշակութային
Մայրաքաղաք» Ծրագրին Խորհրդանշանի Եւ Կայքէջի Մրցոյթ
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանը յայտարարած են «Գիւմրին 2013 թուականին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաք» ծրագրի խորհրդանշանի ընտրութեան մրցոյթ: Այս մասին տեղեկացուցած են մշակոյթի նախարարութենէն:
Դիմումնագիրները պիտի ընդունուին էսքիզի տեսքով` գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ տարբերակներով, ելեկտրոնային կրիչի, ինչպէս նաեւ 50×60 սանթիմեթր ստուարաթուղթի վրայ: Աշխատանքները անհրաժեշտ են ներկայացնել «նշանաբանով»: Ներկայացուած աշխատանքին պէտք է կցուի փակ ծրար` նոյն նշանաբանով, որուն մէջ պէտք է նշուած ըլլան` հեղինակին անունը, ազգանունը, հօր անունը, հասցէն եւ հեռաձայնի թիւերը:
Խրախուսելի է նոյն խորհրդանշանին տարբերակներու ներկայացումը տարբեր նիւթերու վրայ (ծրար, ձեւաթուղթ, ծանուցում եւ այլն):
Առաջարկները պիտի քննարկուին յանձնախումբին կողմէ. հաւանութեան արժանացած տարբերակը պիտի հանդիսանայ «Գիւմրին 2013 թուականին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաք» ծրագրի խորհրդանշան:
Լաւագոյն աշխատանքներու համար սահմանուած է մրցանակ` 150 հազար դրամ: Նշենք, որ դիմումնագրերը պիտի ընդունուին մինչեւ 2013 թուականի փետրուար 15-ը:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանը յայտարարած են նաեւ ծրագրի կայքէջի ձեւաւորման եւ գործարկման մրցոյթ: Կայքէջը պէտք է համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն, ըլլայ եռալեզու, ունենայ անվտանգութեան համակարգ, տեղեկատուութիւնը դիւրութեամբ փնտռուի եւ ներբեռնուի, ինթերաքթիվ հաղորդակցութեան կարելիութիւն, գլխաւոր էջ, փնտռտուքի եւ մալթիմետիա համակարգ, համապատասխան թեքնիքի ապահովում եւ սպասարկում:
Առաջարկները պիտի քննարկուին յանձնախումբին կողմէ եւ, հաւանութեան արժանացած տարբերակը պիտի դառնայ «Գիւմրին 2013 թուականին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաք» ծրագիրին պաշտօնական կայքէջը: Դիմումնագրերը կ’ընդունուին մինչեւ 2013 թուականի փետրուար 20-ը, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմին եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանին մէջ:
2012 թուականի դեկտեմբեր 5-ին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին մէջ Գիւմրին յայտարարուած է 2013 թուականի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք:
Յիշեցնենք, որ «Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաքներ» միջպետական ծրագիրը մեկնարկած է 2010 թուականին ԱՊՀ մարդասիրական համագործակցութեան խորհուրդի եւ ԱՊՀ մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ:


