Սեփական Հաշիւներով
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Օպամայի պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը նախանշող երդման արարողութիւնը պատմական իրադարձութեան մը պսակով փառաւորելու ամէն ճիգ թափուած էր: Թէ՛ կազմակերպուած հանդիսութիւնները եւ թէ՛ մանաւանդ նախագահին ճառով արտայայտուած յանդուգն կեցուածքները պէտք էր ապահովէին այդ պսակը:
Ինծի համար, սակայն, այս օրուան խորհուրդը այլ ձեւով ընկալուեցաւ: Ահա՛ քաղաքական գործիչ մը, որուն հանդէպ միլիոնաւոր ամերիկացիներ մեծ յոյսեր կապեցին` երկրին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ իրականացնելու ակնկալութեամբ, որ սակայն, անցնող չորս տարիներուն, իր գործունէութեամբ աւելի շատ հաշուենկատ քաղաքական գործիչի պատկերացումը ամրապնդեց մեր մէջ, քան` տեսլականի տէր ղեկավարի:
Արդարեւ, նախագահ Օպաման պարզապէս իր երկրորդ անգամուան ընտրութիւնը ապահովելու սիրոյն կոպտօրէն սակարկեց ճշմարտութիւն ու մարդկային սկզբունքներ:
Հիմա, այս երկրորդ շրջանը սկսող իր ճառով, նախագահ Օպամա կը փորձէ ինծի նմաններուն հաւատացնել, թէ ինք իսկապէս տեսլական ունեցող ղեկավար է եւ պատրաստ է մինչեւ վերջ հետապնդելու այն բոլոր սկզբունքները, որոնց մասին ակնարկած էր իր առաջին նախընտրական արշաւին:
Թոյլ տուէք վերապահութեամբ ընդունիլ այս յայտարարութիւնը եւ այնքան ալ պատմականութեամբ չփառաւորենք նախագահական երդումի հանդիսաւորութիւնները, յատկապէս` մատուցուած ճառը: Ինչո՞ւ: Պարզ այն պատճառով, որ երէկ այս կամ այն հաշիւով զիջում կատարողը վաղը դարձեալ կրնայ արդարացնել նորանոր զիջումներ:
Թող նախագահ Օպաման Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը կատարէ. վստահ եղէ՛ք` այն ատեն մենք տրամադիր կ՛ըլլանք հաւատալու իր նոր խոստումներուն ու պատմականութեան բարձրագոյն պսակով փառաւորելու իր կառավարման իւրաքանչիւր օրը:

