Առօրեայէն

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ        

Զգո՜ւշ… այնպէս պիտի շարժիս, որ կողքինդ չարթննայ:

Տան մէջ սա միակ սենեակն է «ապահով» համարուած, որ ներկայիս մեր ապաստանարանն է: Իսկ ապահով տեղ մնա՞ց այս քաղաքին մէջ… մանաւանդ երբ «հաուըն» (հրասանդ, Ա.) կոչուած թռչող պատուհասները սուլելով կ՛անցնին, սիրտդ պահ մը կանգ կ՛առնէ… զօրաւոր պայթումի ձայն:

– Փառք Աստուծոյ, ուրիշ տեղ ինկաւ:

Ուրիշին ողբերգութիւնը անկասկած գոհունակութիւն չի պատճառեր, բայց գլխու վրայ սպառնացող վտանգի մը հեռանալը, այլ տեղ իյնալը, այնպիսի բաւարարութիւն կը շնորհէ, որ կ՛ամչնաս անձնասէր դառնալու սեմին հասնելուդ:

Անհանդարտ գիշեր էր… զարկեր, պայթող ռումբերու, արկերու խլացնող աղմուկ, իսկ ամենացնցողը` «Աստուած մեծ է» կանչերը:

– Կը լսե՞ս, միւսնե՞րն են,- մխտեց քոյրս:

Մութին մէջ ականջս կ՛ուղղեմ դէպի պատուհան: «Աստուած մեծ է» օրհնեալ խօսքն ալ սարսափազդու դարձաւ:

– Լսեցի՞ր,- քոյրս անդրդուելի է:

– Այո, կը լսեմ, հեռու են:

– Ձայն-մայն չկայ, քնացէք,- մայրս հանդարտեցնողի իր դերին մէջ է միշտ:

Եթէ «միւսներ»-ն են… անհրաժեշտ քանի մը հագուստ ճամպրուկին մէջ, լեփթոփն ու ձեռքի պայուսակը պատրաստ են… մինչ տունը ձգել ու փախչիլը մտաբերելը պահ մը  կը փշաքաղէ:

Պետական զօրքը թաղի մուտքին կանգնած` տէրութիւն կ՛ընէ… իսկ «միւս»-ները քիչ մը անդին են, երկար փողոց մը որպէս չէզոք գօտի վեց ամիսէ երկու կողմերուն միջեւ կը մնայ անփոփոխ: Բախումները անխուսափելի են, իսկ ներխուժման ահը միշտ ալ` ներկայ ու փշաքաղող:

Կիզիչ ամառուան յաջորդեց ցուրտ ձմեռը:  Զօրակոչիկներու խումբերը պարբերաբար փոխուեցան, «միւս»-ները (հազար փառք) մնացին իրենց շրջանին մէջ, չէզոք գօտին մնաց անփոփոխ ու անիծեալ զէնքերը, ռումբերը, «տոշքա»-ներ, «արպէճէ»-ները, ոչ միայն զօրակոչիկները, այլ երկրի փոքրիկները վերածեցին մարտականներու… ԱՓՍՈ՜Ս:

***

Չորս օրէ ելեկտրականութիւն չկար, փոքրիկ լուսարձակի ներկայութիւնը կը ստուգեմ բարձիս տակ ու նեղ միջոցին մէջ վերմակս կ’ուղղեմ. սաստիկ ցուրտ է, ոտքերս չեն տաքնար, կլիման ալ կը սպառնայ բոլորիս, դիմացէք, եթէ կրնաք. ի՞նչ կայ, որ կը դիմանանք, կը դիմանանք…

Աղջամուղջը սպրդած է պատուհանի ծածկուած փեղկերէն, կը գուշակեմ վաղ առաւօտը, կը տատամսիմ` ելլե՞լ, թէ՞ մնալ կծկուած վերմակին տակ: Յանկարծ սառնարանին ձայնը կը լսեմ, ահաւասիկ` առաւօտեան առաջին «հաճելի» անակնկալը, ժամանեց այնքան ցանկալի ելեկտրականութիւնը, ուրեմն տակաւին բարի անակնկալներ կան…

Կամացուկ կը դառնամ նեղ միջոցին մէջ, ոտքի կը ցատկեմ ու մատներուս ծայրին վրայ դուրս կու գամ ննջարանէն: Կը ստուգեմ ջուրը, առատ է, ուրեմն անմիջապէս լուացքը…

Կը հրեմ խոհանոցին ծածկուած փեղկը, ինչպիսի՜ պայծառութիւն… վառօդի, խանծած տախտակի ու ծուխի խառն հոտին հակազդող` տարածուած է ձիւնը մաքուր, սպիտակ սաւանի նման: Ցուրտը մոռցած, կլանուած` կը դիտեմ եկեղեցւոյ շրջակայքի ճեփ-ճերմակ տանիքները ու կը մրմնջեմ «Հայր մեր»-ը…

Փա՛ռք Աստուծոյ, եկեղեցին անսասան է, փա՛ռք Աստուծոյ, այսօր ալ մեր տան երդիքին տակ կը դիմաւորենք «նոր օր»-ը, սա մաս-մաքուր, սպիտակ  օրը:

Սեփական տան մէջ կարենալ մնալ ու ապրելու պարզ ու սովորական երեւոյթը ներկայիս շնորհ ըլլալ կը թուի…

– Տակաւին ձեր տո՞ւնն էք,- քանի հարիւրերորդ անգամ ականջներս թմբկահարող այս հարցումը եւ անոր յաջորդող խրատներու եւ թելադրանքներու շարքը սկսած են լարել ջիղերս:

– Հա՛, տունն ենք,- կը պատասխանեմ ու մտովի կը շարունակեմ,- թռչող արկերը, տեղատարափ զարկերը, թնդանօթի ձայները, ցնցումները  մենք կը վայելենք, խելք ալ ունինք հասկնալու, որ տարածքը վտանգաւոր է, եթէ ստիպուած ըլլանք, դուրս պիտի գանք շրջանէն…

Յաջորդող հարցումը.

– Եկեղեցին բա՞ց է:

Սիրտս կը ճմլուի… Ս. Քառասուն Մանկանց մայր եկեղեցին… Աչքերս սեւեռած եմ գմբէթի խաչին:

– Աստուա՛ծ իմ, անսասան պահէ մեր եկեղեցին:

Մօտ հինգ ամիս առաջ էր` ներկայ գտնուեցայ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ «վերջին» կիրակնօրեայ արարողութեան, ապա առաջնորդարանը փոխադրուեցաւ աւելի ապահով վայր, եկեղեցւոյ արարողութիւնները դադրեցան, գանձատունը փակուեցաւ, տարածքը աստիճանաբար դարձաւ «ոչ ապահով», ինչո՞ւ կը սարսափիմ վտանգաւոր բառէն, հազա՛ր փառք, որ եկեղեցին կանգուն է, Ս. Գէորգ հրկիզուած եկեղեցիին նկարը մտապատկերիս մէջ կը ցնցէ էութիւնս:

Ինչո՞ւ այս սպիտակ, ջինջ ձիւնին նման չեն մաքրուիր մարդոց սրտերը…

Արդէն կը զգամ ցուրտը, վառելանիւթը անգտանելի դարձած է, մազութի վառարանը վերածեցինք փայտի… հիմա փայտերը պիտի ջարդեմ ու յարմար չափի դասաւորեմ:

Փայտ կոտրելու վարժութիւն չունիմ, բայց պիտի ջանամ յարմարիլ…

«Թախ-թախ-թախ» տախտակները տեղի կու տան, կը վայելեմ ջարդելու հաճոյքը, այսպիսի հաճոյք կը վայելեն ուրեմն բոլոր ջարդողները… բայց գերանի այս կտորը արդէն որերորդ հարուածին կը դիմադրէ, մենք ալ պիտի դիմադրենք…

Զա՛րկ, հա զարկ, մոռցիր որ քիչ մը երկրաչափուհի ես, քիչ մը գրող ու ամէն ինչէ աւելի` մարդ ըլլալ ձգտող… զա՛րկ, դուրսը եւս բոլորը կը զարնեն, կը ջարդեն, կը քանդեն, կը կործանեն պատմական այս քաղաքը:

Վառելու բաւարար փայտ եղաւ, հիմա մաքրէ վառարանին մէջ հաւաքուած մոխիրը, յիշէ, որ պատմական այս քաղաքին բնակիչն ես, որ այս գաղութը պիտի գոյատեւէ, որ գաղութին պատասխանատուները այս լոզունգը վեր բռնած` կը մնան կառչած այս երկրին, բայց… իրենց ընտանիքները արդէն ճամբած են «այլ ապահով» վայրեր… բարւոք նիւթականով ընտանիքներ եւս շատոնց հեռացած են եւ հեռակայ կարգով կ՛ողբան…

Անցի՛ր գործի:

Բոցը կը փայլատակէ` ջերմութեան մօտալուտ ժամանումը աւետելով:

Աւետին պճլիկ մատիկները սառած էին, առի ափերուս մէջ, շփեցի ու շունչով տաքցուցի, փայլփլուն աչուկներով զարմացած` նայեցաւ ինծի ու ժպտաց, ապա անհանդարտ շարունակեց իր վազվզուքը… Ի՞նչ մեղք ունին ցուրտ, մութ տուներու մէջ բանտարկուած այս մանուկները:

Հայը իր ապրած երկրին մէջ ինքզինք հայ զգալով հանդերձ, անքակտելի կապով ու երախտագիտութեամբ կը մնայ փարած իր երկրորդ հայրենիքին. երկրորդ հայրենիքը խորթ, բայց հոգատար այն մայրն է, որուն շունչին տակ հասակ նետած է, եւ այսպէս ան կը կոչուի սփիւռքահայ… սփռուած, ծծնդավայրին կառչած, նիւթական ապահովութիւն որոնող: «Եթէ հայրենիքի մէջ գործ, աշխատելու յարմարութիւն ըլլար…», «հոս տուն-տեղ, հարազատներ ձգած` ո՞ւր երթանք», «մարդ ոչ թէ հացով կ՛ապրի, այլ…»:

Սա արդէն հացի չգոյութիւն ապրող քաղաքին մէջ հնչող ժամանակավրէպ խօսք է: Ընդդիմադիրները քաղաքին ալիւրը յափշտակած, տարած ու չնչին գինով վաճառած են «հարեւան» երկիր, նաեւ` հազարաւոր գործարաններու սարքեր, մինչ հոնկէ բերուած ու քաղաքի սեղանիկները ողողող արեւածաղիկի իւղն ու սննդեղէնը մարդոց աղիքային խանգարումներ կը պատճառեն:  Միջազգային մամուլը, «հոգատար» երկիրներ մտահոգ են Սուրիոյ ժողովուրդին համար, ինչպիսի՜ «մարդասիրութիւն», իսկ հարեւան երկիրը ակռաները սրած գորշ գայլն է միշտ` կազմ ու պատրաստ յօշոտելու:

Սենեակը մասամբ տաքցաւ, դուրսը ձիւնը փափուկ, շորորացող փաթիլներով կը հանգչի` յատակի սպիտակ ծածկը հարստացնելով: Կլանուած կը դիտեմ:

Թող տարածուած այս սպիտակութեան հետ խաղաղութիւն տիրէ…

Զգացական պահեր ապրելու ժամանակը չէ, առտնին գործերէն անդին, որպէս ապրող մարդ, սնունդ պիտի ապահովես:

– Այդ ամայի թաղէն ինչպէ՞ս դուրս կու գաք:

Դուրս կու գանք, ի՛նչ կայ որ, հին քաղաքի ճամբաները շատ են, իսկ դիպուկահարները… իսկական պատուհաս այդ գազանները ի՞նչ կ՛ուզեն արդէն օրըստօրէ անապահովութեան, անգործութեան, սղութեան տակ կքած այս քաղաքի անզէն բնակիչներէն…

«Կրակոց, զինուորներուն խուճապը, արիւն…»:

Գետինը ծունկի եկած է մայրս, Աստուած իմ… Աստուած իմ… ու Աստուած փրկեց: Դիպուկահարը փափուկ թիրախ ընտրած էր, բայց փամփուշտը պիտի մնար մօրս մարմնին մէջ:

Ներկայիս այս քաղաքին մէջ տասնեակներ իրենց մարմնին մէջ դիպուկահարի փամփուշտներ կը կրեն, քանի մը տասնեակներ հաշմանդամ են, աւելի՛ն, հարիւր-հազարներ` նահատա՞կ, թէ՞ զոհ…

Նոր Գիւղի շրջանը երկու թաղամաս կայ, ուր դիպուկահարներ դիրք բռնած` «ժողովրդավարութիւն» կը տեղացնեն իրենց գնդակներով, բնակիչները ապահով ուղղութիւնները արդէն ճշդած` վազքով կը յաղթահարեն անակնկալ կրակոցները, նոյնիսկ հնարամտութեամբ հսկայ սեւ վարագոյրով մը ծածկած են վտանգաւոր տարածքը, իսկ վազքը արդէն դարձած է սովորութիւն, քալելու փոխարէն` վազել, վազել բոլոր ուղղութիւններով, ցուրտ կլիմային մարզական տրամադրութիւն եւ ջերմութիւն հայթայթող վազք:

Այս քաղաքին մէջ շատ մը խանութներ վերածուած են սննդեղէն վաճառող «մարքեթ»-ներու, մարդիկ ի՜նչ արագ կ՛ընտելանան տիրող վիճակին հետ, իսկ մայթերուն վրայ ամէն տեսակի բանջարեղէն ու պտուղ… գինե՞րը. պատերազմական վիճակին մէջ ո՛չ սակարկութիւն կ՛ընես, ո՛չ դիտողութիւն, պարզապէս փառք կու տաս, որ կը գտնես անհրաժեշտ սնունդը, ու գլուխդ կախ, շտապելով, անթափանց պայուսակի մէջ զետեղած գնածներդ կը ջանաս տուն հասցնել, մինչ փողոցին անկիւնը կեցած մուրացիկ փոքրիկներ ու լաչակաւոր կիներ լափող աչքերով կը դիտեն քեզ…

Այս քաղաքին մէջ ծոմապահութեան շրջանին «իֆթար»-ի ժամուն եւ «Իտ էլ ֆըթըր» տօնի նախատօնակին միայն թնդանօթի ձայներ կը լսէինք ու այդ «անմեղ» պայթիւնը ինչպիսի՜ խանդավառութիւն կը պատճառէր ժողովուրդին: Իսկ հիմա թնդանօթի, ահաւոր պայթումներու ձայներու կեդրոն դարձած քաղաքը, ուր արեւը մայր մտնելէն առաջ մարդիկ կը շտապեն փակուիլ իրենց տուներուն մէջ, երբեմն` կողքի ամենամօտիկ թաղին տեսքն անգամ մոռցած:

Այս քաղաքին մէջ ուշ ժամերուն կը շրջագայէինք ու արեւմտեան երկիրներէն կամ Միացեալ Նահանգներէն եկած մեր հիւրերը կը զարմանային մեր վայելած ապահովութեան ու ունեցած համարձակութեան:

Այս քաղաքին մէջ մեր միութիւններուն կազմակերպած ձեռնարկները եւ գրաւուած օրերը զիրար կը հրմշտկէին… ու հիմա «Երնէ՜կ այն օրերուն» նախադասութիւնը փոխարինած է «Միայն խաղաղութիւն տիրէ» բուռն ցանկութեան:

Այս քաղաքին մէջ կը հանդիպիս մայթերու վրայ բանջարեղէն վաճառող հայ տղոց, պարկեշտ աշխատանքը ամօթ չէ, անոնք հիմնայատակ փուլ եկած կամ արգիլեալ գօտիի մէջ մնացած բնակարաններու տէրերն են, արհեստաւորներ են, որոնց խանութները հրկիզուեցան, թալանուեցան…

Այս քաղաքին մէջ տիրող դժուար պայմանները դիմագրաւելով, կը սպասենք` սեղմած մեր ակռաները: Բանագնացներ կու գան ու կ՛երթան: Դեղինը օրօրեց, սեւը տագնապեցուց, կանաչը պահ մը յուսադրեց, մէկ քայլ առաջ, երկու… ու յանկարծ կանաչն ալ գունաթափ եղաւ, շրջանցեց դեղինը, սեւը ու… վերադարձանք զերօ կէտին:

Այս քաղաքէն խոյս տուած ընտանիքներ տակաւին անհամբեր կը սպասեն բարիքներով լեցուն այս երկրի բարելաւման ու պատրաստ են վերադառնալու:

Այս քաղաքէն ժամանակին գաղթողները հազար փառք կու տան, որ օրին իրենց կաշին փրկած են… ու հանդարտ սրտով կ՛օժանդակեն սուրիահայութեան, հաւատալով, որ իրենց օժանդակութիւնը գաղութին ծով կարիքներուն բաւարար է…

***

Մուշիէի մայթին վրայ գունատ մարդուկը կը բարեւէ:

– Հրամմէ, դրացուհի՛:

Պանան ծախող մարդուկն է, որուն քովէն յաճախ գնում կ՛ընեմ:

– Բաւական է քեզ չեմ տեսներ,- կ՛ըսեմ մտերմաբար:

– Չէ՞ որ քաննասը զարկաւ զիս,- տխուր կը ժպտի ու թեւերը օղակելով` կը սեղմէ կուրծքին զարնուած մասը:

Ի՞նչ կ՛ուզէր դիպուկահարը օրապահիկի համար երկար ժամերով մայթին վրայ սարսռացող այս մարդուկէն, ինչպիսի՛ վիճակի հասցուցին այս երկիրը, ինչպիսի՛ թշնամանք սերմանեցին, որ մարդը սառնասրտութեամբ կը սպաննէ իր եղբայր մարդը:

Տակաւին «մարդկութիւն» կը քարոզեն, տակաւին այս երկրի ժողովուրդին թիկունք կանգնելու մասին կոչ կ՛ընեն:

– Փառք տանք Աստուծոյ, պահեր է քեզ,- անկեղծ կը խօսիմ:

Ի՜նչ փոյթ, թէ ան այլազգի է, ես` հայ, այս պայմանները մեզ աւելի մտերմիկ դարձուցած են, աւելի փխրուն, ու ամենակարեւորը` մենք այս երկրի, այս մոլորակի բնակիչներն ենք:

Ձիւնը շատոնց դադրած է ու անոր սպիտակութիւնը մարդոց կօշիկներուն տակ վերածուած` ցեխաջուրի:

Ինքնաշարժները խուճապահար կը շարժին արտօնեալ ու արգիլեալ ուղղութիւններով, պենզինը հազուադէպօրէն կը ճարուի, թաքսիները փոխադրական երեւակայական գիներ կը պահանջեն, ուրեմն քալէ՛, Աստուած զոյգ ոտքեր շնորհած է քեզի:

Արագ քայլերով կ՛ուղղուիմ տուն: Արդէն հնչած է արձակման ժամը, մարդիկ կը հաւաքեն զանազան ապրանքներով բեռնաւորուած սեղանիկները, հեռուէն կը լսուին փշրուող զարկերու ձայնը:

Հոգետունէն դէպի Սալիպէ երկարող նեղլիկ փողոցներէն արագ կը քալեմ, շուրջս ամայութիւն է:

«Թըք-թըք-թըք» կրունկներուս ձայնը կը խեղդուի մօտակայ զարկերու ձայներուն մէջ, ամէն կողմ` քարի մանրուքներ, փշրուած ապակիներ ու սառած կեանք:

Թաղի մուտքին երկու զինուորները փոքր ծածկի մը տակ կծկուած` կը հսկեն:

– Բարե՛ւ, տղաք…

Զէնքերը բարձրացնելով կը պատասխանեն բարեւիս: Տակաւին երկու տասնամեակ չբոլորած` զէնքի կոչուած մատղաշ տղաք են, որոնց մայրերը ինչպիսի՜ խմանքով այս հասակին հասցուցած են զիրենք ու…

Յետոյ, յետոյ…

«Ամէն ինչի վերջը կայ», ու մենք անհամբեր կը սպասենք այս ՎԵՐՋԻՆ:

 

22/1/2013
Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )