Ամերիկացի Պատմաբանի Մը Ցնցիչ Պնդումները. «Օպամա Շարունակ Խաղի Կը Բերէ Էրտողանը»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Ամերիկացի պատմաբան մը` Կրիֆին Թարփլի, Սուրիոյ ու Թուրքիոյ վերաբերող ցնցիչ հաղորդում մը կատարելով` պնդեց, որ նախագահ Օպամա շարունակ կը խաբէ վարչապետ Էրտողանը, եւ որ` վերջին հաշուով թուրքերը պիտի կորսնցնեն:
Ըստ ամերիկացի պատմաբանին, Օպամա ամէն շաբաթ Էրտողանը կը փնտռէ ու շոյելով անոր հպարտութիւնն ու կիրքերը` զայն կը ղրկէ դէպի իր ուզած հասցէները:
Օպամա եւ ամերիկացի իր գործակիցները, Մուպարաքի անկումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը խաբեցին նոր օսմանեան կայսրութեան մը գաղափարը արթնցնելով անոնց մտքին մէջ: Այս խաբկանքէն ետք Թուրքիա, որ զերօ հարց ունէր իր դրացիներուն հետ, ինկաւ բազմաթիւ տագնապներու մէջ, գլխաւորութեամբ քրտական տագնապին:
Ամերիկացի պատմաբանը ունէր շատ աւելի ցնցիչ պնդումներ: Ան յիշեցուց, որ Սիմոն Հերշ անգամ մը հրապարակած էր, որ ՔԱԿ կազմակերպութիւնը Սի.Այ.Էյ.ի կողմէ պաշտպանուած կազմակերպութիւն մըն է: Սի.Այ.Էյ. ՔԱԿ-ն կը գործածէ Իրանի դէմ: Ասիկա նորութիւն չէ: Անցեալի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Միթերանի կինը` Տանիէլ Միթերանն ալ պաշտպանած էր ՔԱԿ-ն: Աւելի վերջ «Կապոյտ Մարմարա»-ի առիթով ըսուեցաւ, որ Իսրայէլն ալ թուրքերէն վրէժ լուծելու համար պաշտպան պիտի կանգնի ՔԱԿ-ին: Ուրիշ օրինակներ ալ կան, եւ Թուրքիա այլեւս պէտք է նշմարէ այս խաղը: Ամերիկայի հետ ամէն ողջագուրում «մահուան ողջագուրում» է եւ ամերիկացիները թուրքերը պիտի սիրեն, մինչեւ որ զանոնք սպաննեն: «Կը վախնամ, որ Էրտողան ու Տաւութօղլու իրենց փոսերը կը փորեն, անոնք ոչինչ պիտի շահին», ըսաւ ամերիկացի պատմաբանը:
Ամերիկացի պատմաբանին կարծիքով, Թուրքիա կը խաբուի Սուրիոյ խնդրին մէջ ալ: Սուրիոյ իշխանութիւնները յաջող պայքար կը մղեն ապստամբներուն դէմ, եւ իշխանութեան դիրքերը ամուր են: Ռուսիոյ հարցն ալ կայ: Նախկին շրջաններուն քսան տարին անգամ մը անպայման կը պատահէր Ռուսիա-Թուրքիա պատերազմ մը: Հիմա պատերազմ չկայ, բայց երկու կողմերը կը քալեն դէպի պատերազմ:
Իսկ Թուրքիոյ հարաւային ափերը յանձնուած են Սի.Այ.Էյ.ին: Սի.Այ.Էյ.ի մարդիկը սանձարձակ կը պտտին Ալեքսանտրեթի մէջ, պանդոկները լեցուած են Քայիտայի մարդոցմով: Ամերիկացիները թուրքերուն դէմ կը գործածեն այն ահաբեկիչները, զորս կը բերեն Ինճիրլիքի զինուորական խարիսխէն: Այս բոլորին արդիւնքը շատ սուղ պիտի արժէ Թուրքիոյ:

