«Թաֆթանազի Զինուորական Օդակայան»-ի Ճակատամարտը Ռուսեւամերիկեան Բանակցութիւններու «Պազար»-ին Մէջ

ԱՆԹՈՒԱՆ ՀԱՅԵՔ

Կարելի չէ կասկածիլ, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող «Թաֆթանազի զինուորական օդակայան»-ի ճակատամարտը սերտօրէն կապուած է Ժընեւի վերջին եռակողմանի ժողովին, որուն մասնակցեցան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ նախարարներ Միխայիլ Պոկտանով եւ Ուիլիըմ Պըրնզ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հարցերու միջազգային յատուկ բանագնաց Լախտար Իպրահիմի:

Արդարեւ, երկու «դէպքեր»-ու միաժամանակ պատահիլը քիչ կասկածներու տեղ կը ձգէ, եւ դիւանագիտական աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ ամերիկացի բանագնացը կ՛ակնկալէր, որ զինեալ ընդդիմութիւնը յստակ յաղթանակ տանէր եւ տիրանար ամբողջ օդակայանին ու հոն գտնուող ուղղաթիռներուն, որպէսզի ուժի հաւասարակշռութիւն ստեղծուի բանակցութեան սեղանին շուրջ. Պըրնզի պարտականութիւնն էր այդ սպասուած յաջողութիւնը արդիւնաւորել ռուսերուն հետ դժուար բանակցութիւններուն մէջ, եւ անոնցմէ զիջումներ ստանալով` Իպրահիմին առաքել շրջան:

Սակայն, ըստ երեւոյթին, ամերիկեան «տան հաշիւը» ռուսական «շուկայի հաշիւին չբռնեց»: Նոյն դիւանագիտական աղբիւրները կը յայտնեն, որ Պոկտանով ժողովէն առաջ Մոսկուայի միջոցով կապ հաստատեց սուրիական զինուորական ղեկավարութեան հետ եւ բարձրաստիճան սպաներէ լուսաբանութիւն խնդրեց յիշեալ օդակայանին շուրջ ճակատամարտի ընթացքին մասին: Պոկտանով հարց տուած է, թէ օդակայանի վիճակը սուրիական զինեալ ընդդիմութեան համակիր լրատուամիջոցներու հաղորդածին չափ վտանգաւո՞ր է:

Թաֆթանազի Օդակայանն Ու
Անոր Շուրջ Բախումները

 

Սուրիական հրամանատարութիւնը Պոկտանովին հաղորդած է, որ մարտադաշտի հրամանատարները կը գործադրեն գերագոյն հրամանատարութեան մշակած ծրագիրը, որուն հիմամբ ընդդիմադիր զինեալները հնարաւորութիւն կը գտնեն թափանցելու օդակայանէն ներս, ուր «բացուելով»` կ՛ենթարկուին օդուժի եւ հրետանիի ռմբակոծումի, ապա կ՛ոչնչացուին հետեւակազօրին կողմէ: Սուրիական հրամանատարութիւնը նաեւ բացատրած է, որ այս առնչութեամբ լռութիւն պահած է եւ ասպարէզը ձգած` ընդդիմադիրներու լրատուամիջոցներուն, որոնց ոգեւորութիւնն ու մօտալուտ յաղթանակի մը աւետիսները յաւելեալ թիւերով զինեալներ մղած է իյնալու այդ թակարդին մէջ:

Նոյն դիւանագիտական աղբիւրները նաեւ կը հաղորդեն, որ այս տեղեկութիւնները ստանալէ ետք Պոկտանով Պըրնզի եւ Իպրահիմիի հետ իր ժողովին սկսաւ` հաւաստելով, որ այս բանակցութիւնները ոչ մէկ տեղ պիտի հասնին, եթէ կախեալ են սուրիացի զինեալներու զինուորական ճնշումներու արդիւնաւորումէն, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը կարողութիւնը ունի դիմագրաւելու բոլոր ապահովական զարգացումները եւ ձախողութեան մատնելու ամէն փորձ` խախտելու ուժի հաւասարակշռութիւնը եւ ձեռք ձգելու բանակցային ճնշումի խաղաքարտ: Ասկէ մեկնելով` Պոկտանով պահանջեց, որ Իպրահիմի Ուաշինկթընի հետ համադրելով շրջապտոյտ մը կատարէ սուրիական հարցին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն, մանաւանդ` Ծոցի մէջ, եւ անոնց փոխանցէ, թէ զինուորական լուծումը անկարելի է, որովհետեւ ո՛չ այդ երկիրները կրնան տապալել Սուրիոյ վարչակարգը, ո՛չ ալ վերջինը կրնայ տապալել զանոնք: Ասիկա կը նշանակէ, որ միակ հնարաւոր լուծումը քաղաքական լուծումն է, այդ ալ կրնայ ըլլալ միմիայն վարչակարգի մասնակցութեամբ ու վերահսկողութեամբ, ընդգծած է ռուս պաշտօնատարը:

 

Իպրահիմի

Պոկտանով

Պըրնզ

 

Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, ոչ միայն Պըրնզ, այլ նաեւ Իպրահիմի ժողովէն առաջ իր գրաւը դրած էր օդակայանին եւ հոն գտնուող ուղղաթիռներու զինեալ ընդդիմութեան կողմէ գրաւումին վրայ, Մոսկուայի պարտադրելու, որ ընդունի Սուրիոյ վարչակարգը դուրս ձգող քաղաքական լուծման գործընթաց մը:

Երբ այս հաշիւները սխալ դուրս եկան, Իպրահիմի փոխեց իր յայտարարութիւնը եւ ըսաւ, որ հարցերը «պէտք եղածին չափ չեն հասունցած», եւ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ընդհանուր զինադուլի հաստատումը, որմէ ետք միայն կարելի է անցնիլ երկխօսութեան:

Բայց հոս ալ ռուսական կողմը անմիջական եւ վճռական պատասխան տուած է` ընդգծելով, որ հոն հասնելու համար նախ Ուաշինկթըն պէտք է ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի փակէ սահմանները եւ դադրի զինեալներուն հասնող զինամթերքի եւ մարդուժի ներհոսքը. Ուաշինկթըն պէտք է նաեւ քարիւղային երկիրներուն թելադրէ, որ դադրեցնեն զինեալ ընդդիմութեան ուղղուած մեծագումար օժանդակութիւնները. ասկէ ետք միայն կարելի է սուրիական վարչակարգէն պահանջել, որ դադրեցնէ իր ինքնապաշտպանութեան վայրագութիւնը, ապա ճշդել, թէ որո՛նք պիտի մասնակցին երկխօսութեան, հաղորդեցին իրազեկ դիւանագիտական աղբիւրները:

«Նաշրա»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )