Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ծաւալողապաշտ Քաղաքականութիւն Եւ … Ահաբեկչութիւն

Յունուար 9-10 Փարիզի քրտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ կատարուած քստմնելի արարքին ոճը, դրդապատճառներն ու յատկապէս թայմինկը, շատ մեծ մտահոգութիւն կը ստեղծեն թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ ներքին ֆրանսական իմաստով:

Միջազգային իմաստով, նմանօրինակ ոճիր մը կը յիշեցնէ անցեալ դարաշրջանի 70-80-ականներու վտանգաւոր տարիները, երբ Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ, ներառեալ Փարիզ, կը պատահէին խափանարարական արարքներ, առեւանգումներ, ահաբեկչութիւններ եւ պայթումներ: Երկար ժամանակէ ի վեր նմանօրինակ իրավիճակ չէր ստեղծուած, եւ ընդհանրապէս ծայրայեղ կրօնամոլ շարժումներն էին, որոնք իրենց գործունէութիւններով կը զբաղեցնէին յատկապէս արեւմտեան աշխարհի ներքին ապահովութեան ուժերն ու գաղտնի սպասարկութիւնները:

Ներքին ֆրանսական իմաստով, դէպքը պատահեցաւ այն ժամանակ, երբ ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան երկիրը պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարած էր Ափրիկէի մէջ իր նախկին գաղութներէն Մալիի հիւսիսային շրջանի ծայրայեղ, շարիա պարտադրող կրօնամոլ իսլամական ուժերու դէմ, որոնք հետզհետէ զօրանալով` քար ու քանդ ըրած էին պատմական Թիմպուքթու քաղաքին սրբատեղիները եւ սկսած էին յառաջանալ դէպի մայրաքաղաք Պամաքօ:

Եւ ճիշդ այդ օրերուն, երբ Ֆրանսայի օդուժի օդանաւերը սկսած էին իրենց ռմբակոծումներուն, ափրիկեան ցամաքամասի այդ անծանօթ հողաշերտէն ներս, միեւնոյն ժամանակ նաեւ աւելի արեւելեան կողմ` Ափրիկեան Եղջիւրի շրջանէն ներս… Սոմալիի հարաւային տարածաշրջանէն ներս, ֆրանսական մարզուած յատուկ ուժեր «քոմանտոյական» յարձակումով մը կը փորձէին ազատել առեւանգուած պատանդներ:

Եւ երեւակայել, թէ այս անցուդարձերուն լոյսին տակ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ համարձակութեամբ, պատասխանատուութեան տակ կ՛առնէ Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտը, որ իբր թէ տեղ տուած է քիւրտ «ահաբեկիչներ»-ու, նաեւ տեսակցութիւններ ունեցած` անոնցմէ մէկուն հետ: Արդեօք, առանց խօսքերը ծամծմելու, կարելի չէ՞ հաստատել, թէ Փարիզի բանուկ Լա Ֆայեթ շրջանի թիւ 147 շէնքի վարձակալներուն դէմ կատարուած ահաբեկչութիւնը կազմակերպած երկրին վարչապետն է, որ եկած է գայլի (վստահաբար` «գորշ գայլեր»-ու) աւետարան կարդալու եւ այսպէս աշխարհին ցոյց տալու, թէ իր ղեկավարած ծաւալողապաշտ քաղաքականութիւն եւ ահաբեկչութիւն կիրարկող երկիրը կը մնայ տիպար օրինակ մը… արեւմտեան աշխարհին դիմաց:

Յամենայն դէպս հոսած արիւնէն շատ աւելի մելան պիտի հոսեցնէ երեք կին գործիչներու սպանութիւնը եւ անշուշտ պատճառ պիտի դառնայ, որ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան միջեւ վերջերս սկսած  բանակցութիւնները ապարդիւն դուրս գան եւ աւարտին:

Այլապէս, խոր սուգի մէջ է Տիգրանակերտ` Տիարպեքիրը, որուն ցուրտ հողին վրայ կատարուեցան երեք գործիչներուն պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES