Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ամերիկեան Ցամաքամասի Վարչական Գրասենեակի Գործադիր Տնօրէնի Պաշտօնի Յայտարարութիւն
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կարիքը ունի գործադիր տնօրէնի մը` ամերիկեան ցամաքամասի իր վարչական գրասենեակին համար: Գրասենեակը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ:
Պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ
– Հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող պարտականութիւններ.- նուիրատուներու մասին տեղեկութեան շտեմարանի պատրաստութիւն, տեղեկատուական գրականութեան ցրուում` հաւանական նուիրատուներու, հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող հաղորդակցութիւններու, հանդիպումներու եւ ժողովներու կազմակերպում, հիմնադրամներու գոյացման ծառայող կայքէջի մը ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
– Նիւթական աջակցութեան ապահովում պետական հաստատութիւններէ, հիմնարկներէ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ:
– Համազգայինի մշակութային գործունէութեան ծաւալում ամերիկեան ցամաքամասին մէջ.- բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներու եւ մշակութային-գեղարուեստական շրջանային շրջագայութիւններու կազմակերպում, կազմակերպական նպաստ` մշակութային-գեղարուեստական փոխանակումներու ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ սփիւռքի այլ հայ համայնքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ` ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ:
– Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի տեղեկատուի հրատարակում եւ ցրուում:
– Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի կայքէջի ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
– Ամերիկեան ցամաքամասի վարչական գրասենեակի կառավարում, որ կը ներառէ կազմակերպչական աշխատանքներ, անհրաժեշտ տեղեկութեանց մէկտեղում, արխիւային դասաւորումներ եւ հաշուակալութիւն:
Թեկնածուի անհրաժեշտ յատկանիշեր
– Պսակաւոր Արուեստից (BA) վկայական` նախընտրաբար հիմնադրամներու գոյացման կառավարման (Fundraising Management), ոչ-հասութաբեր ձեռնարկութիւններու ղեկավարման (Nonprofit Management), մարդասիրական Ուսմունքի (Philanthropic Studies) կամ համարժէք համալսարանական ճիւղերու մէջ:
– Մեծապէս փափաքելի է փորձառութիւնը հիմնադրամներու գոյացման կառավարման, ոչ հասութաբեր ձեռնարկութիւններու կառավարման կամ մարդասիրական ձեռնարկութիւններու աշխատանքներու մէջ:
– Փայլուն կազմակերպչական հմտութիւն եւ բազմատեսակ աշխատանքային պահանջներու միջավայրի ու աշխատանքային պահանջկոտ պայմաններու մէջ գործելու ունակութիւն:
– Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու (գրաւոր եւ խօսակցական) տիրապետում:
– Յարաբերական եւ հաղորդակցական ունակութիւն: Ծրագիրներ յաջող կերպով ներկայացնելու կարողութիւն:
– MS Word, Excel, PowerPoint, Outlook եւ տեղեկութեանց շտեմարաններու ղեկավարման համակարգչային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ համացանցի եւ համացանցային ընկերային հաղորդամիջոցներու գործածութեան տիրապետում:
Աշխատավարձ
Աշխատավարձը` մասնագիտութեան եւ փորձառութեան համեմատ:
Դիմումնագիրները ե-նամակով ուղարկել [email protected] հասցէին` նիւթի տուփիկին (subject line) մէջ նշելով «Գործադիր տնօրէնի պաշտօն»:
Դիմումնագիրներու ընդունման վերջին թուական` երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2013: Այս թուականէն ետք դիմումնագիրներ պիտի չընդունուին:
Պատասխան պիտի ստանան միայն տեսակցութեան համար անհրաժեշտ պայմանները լրացնող թեկնածուները:

