«Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան Մար Եուսեֆի Վերանորոգուած Ակումբի Բացում

Կիրակի, 27 յունուար 2013-ին, բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան Մար Եուսեֆի վերանորոգուած ակումբին:

Հայաստանի, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Մարտիրոսեան արտասանեց կոմիտէութեան խօսքը` վկայելով, թէ շրջանի ժողովուրդը ամենայն հաւատքով եւ առանց տատամսելու ընդառաջած է ու կ՛ընդառաջէ բոլոր կոչերուն, ըլլան անոնք ընտրական, ձեռնարկ, հանգանակութիւն, հաւաքական աշխատանք կամ ինքնապաշտպանութեան գործ: Շրջանը արժանի է հոգածութեան, գուրգուրանքի եւ յարգանքի:

Իր խօսքի վերջաւորութեան Մարտիրոսեան յարգանքի խօսք ուղղելով առյաւէտ բաժնուած երէց ընկերներուն եւ պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկած եւ նահատակուած երիտասարդ տղոց ըսաւ, որ «անոնց հոգիները պիտի ուրախանան, երբ տեսնեն, թէ մեր հաւատաւոր երիտասարդները կը շարունակեն սկսած գործը»: Ապա Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի բոլոր դաշնակցական ընկերներուն, որոնց հետեւողական եւ բազում զոհողութիւններով իր լրումին հասաւ այս աշխատանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր բարերարներուն յատկապէս Ներսէսեան ընտանիքին եւ Սեդա Դեղարարեանին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ներկաները:

Այնուհետեւ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետ Աստղիկ Կիտիկեան խօսք առնելով ներկայացուց մասնաճիւղի պատմութիւնը: Անիկա հիմնուած է 1966-ին եւ 1987-ին Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեաններու բարերարութեամբ ունեցած են Մար Եուսեֆի ակումբը: Կիտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Սեդա Դեղարարեանին, որուն բարերարութեամբ բարեզարդուեցաւ, կահաւորուեցաւ եւ վերանորոգուեցաւ այս ակումբը:

Կիտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Թեհլիրեան» կոմիտէին, ակումբի վարչական տղոց, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի սկաուտներուն:

Ապա բացումը կատարուեցաւ Սեդա Դեղարարեանի անուան յիշատակի յուշատախտակին:

Իվոն Այվազեան քանի մը երգերով ճոխացուց ձեռնարկը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES