Եգիպտական Ընդդիմութիւնը Մերժեց Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը

Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատը երէկ կէսօրէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երէկ գիշեր նախատեսուած ազգային երկխօսութեան հրաւէրը` նշելով, որ ազգային հաշտութեան գոյացման միակ միջոցը լուրջ երկխօսութիւնն է եւ ոչ թէ ձեւականը, եւ երկխօսութեան մասնակցութեան համար ճշդեց երեք նախապայմաններ.1) Նախագահը պէտք է ստանձնէ դէպքերուն պատասխանատուութիւնը, 2) Ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը պէտք է կազմուի եւ 3) Սահմանադրութեան բարեփոխման հաւասարակշռուած յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի:

Սահմանադրութիւն կուսակցութեան ղեկավար Մոհամետ Պարատէհի յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ հարցը իմաստուն ղեկավարութեան, ազատութեան եւ ընկերային արդարութեան բացակայութիւնն է` աւելցնելով, որ լուծումը պէտք չէ ապահովական ըլլայ` այլ ժողովուրդին Եգիպտոսի փրկութեան մասնակցութեամբ: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Մուրսիի հրաւիրած երկխօսութիւնը ձեւական է եւ ոչ թէ առարկայական: «Մենք Եգիպտոսի մէջ տագնապի լուծման համար որեւէ լուրջ երկխօսութեան հետ ենք… որեւէ լուրջ երկխօսութեան պիտի մասնակցինք, եթէ նախագահը շարք մը պայմաններու համաձայնի», ըսաւ ան:

Ժողովրդային հոսանքի ղեկավար Համտին Սուպահի իր կարգին յայտնեց, որ «կ՛ընդունինք երկխօսութեան սկզբունքը, սակայն կ՛ուզենք լուրջ երկխօսութիւն մը, որ արդիւնքի կը հասնի… հանրապետութեան նախագահը պէտք է արիւնահեղութեան համար իր քաղաքական պատասխանատուութիւնը յայտարարէ… եւ Մուրսի պէտք է փաստէ, որ ինք բոլոր եգիպտացիներուն նախագահն է եւ ոչ միայն Իսլամ եղբայրներուն»:

Սուպահի աւելցուց, որ «կ՛ուզենք ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ ընկերային արդարութեան կը զօրակցի… Մուրսիի հրաւիրած երկխօսութեան յաջողութեան որեւէ երաշխիք կամ խոստում չկայ»: «Ժողովրդային խաղաղ հաւաքի ճամբով պիտի աշխատինք հասարակութեան պահանջը իրագործել… կը մերժենք ամէն տեսակի բռնարարքները եւ սեփական ու պետական սեփականութեանց դէմ յարձակումները»:

Ան նշեց, որ ներքին գործոց նախարարը արտօնած է չափազանցուած բռնութիւն կիրարկել, եւ պահանջեց, որ նախարարը դատուի:

Ամրօ Մուսա իր կարգին յայտնեց, որ ճակատը արդիւնքի յանգող որեւէ լուրջ երկխօսութեան կողքին է: «Մենք պատրաստ ենք յստակ օրակարգով լուրջ երկխօսութեան», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ճակատը Մուրսիի երկխօսութեան հրաւէրին նկատմամբ միասնական կեցուածք ունի:

Ճակատի բանբեր Խալետ Տաուտ նախապէս «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունած էր ապահովութեան վերականգնման ուղղութեամբ Մուրսիի որդեգրած քայլերը, սակայն նշած էր, որ Մուրսի չի նշմարեր, որ իսկական հարցը իր վարած քաղաքականութիւնն է:

Երէկ եւս երկրին տարածքին բռնարարքները շարունակուեցան: Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ հրացանաձգութեան պատճառով ցուցարար մը սպաննուեցաւ: Ցուցարարներ փակեցին Գահիրէ-Աղեքսանդրիա ճամբան` Պըրքեթ Սահըհ կէտին վրայ:

Կառավարութիւնը երէկ որդեգրեց որոշում մը, որ բանակը կը լիազօրէ ապահովութեան հսկելու եւ ձերբակալութիւններ կատարելու, սակայն բանակը յայտարարեց, որ այդ լիազօրութիւնը զինք ժողովուրդին հետ բախումի պիտի չմղէ:

 

Share this Article
CATEGORIES