«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՒ ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ՃՈՒԼԻԵԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հայրենի մանկավարժ դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան 4 մայիսին այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն` Պէյրութի մէջ փրոֆ. Կիւլամիրեանի ղեկավարութեամբ մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակի սկիզբին առիթով: Անոնք ընդունուեցան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի կողմէ:

Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամպիոնի դասախօս դոկտ. Կիւլամիրեան ամբողջ մէկ ամիս պիտի գտնուի Պէյրութ` լիբանանահայ մանկապարտէզներու եւ տարրական դասարաններու մանկավարժներուն ուղղուած հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերեալ դասընթացքներ վարելու նպատակով: Ծրագիրը կ՛իրականանայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանին գործակցութեամբ: Հանդիպման ընթացքին «Նարեկացի» կեդրոնի պատասխանատուները պարզեցին հայ աշակերտներուն հայերէնի ուսուցման եղանակները զարգացնելու նկատմամբ հայ կաթողիկէ կրթական մարմիններուն յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ մանկավարժներուն մասնագիտական օգնութիւն տրամադրելու անոնց պատրաստակամութիւնը, որուն ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն մէջ կը դիմուի նաեւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն եւ մասնագէտներուն օգնութեան: Անոնք ներկայացուցին կատարուելիք աշխատանքներուն ընդհանուր բովանդակութիւնն ու նպատակները: Դեսպան Քոչարեան իր կարգին ողջունեց դոկտ. Կիւլամիրեանի այցելութիւնը Պէյրութ, գնահատեց կրթական մարզին մէջ լիբանանահայ կառոյցներուն տարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց առաջադրուած աշխատանքներուն: Ան կարեւոր նկատեց սփիւռքեան համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնումը` ի խնդիր փոխադարձ ճանաչումի եւ համատեղ աշխատանքներու կազմակերպման:

 

Share this Article
CATEGORIES