ՀՄԸՄ ԺԻՒՆԻԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԱՅԼԻԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Կիրակի, 8 մայիս 2011-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն ՀՄԸՄ Ժիւնէի մասնաճիւղի փոխադրակառքը արդէն իսկ սկսած էր հաւաքել մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկները, որոնք իրենց կիրակնօրեայ սովորական հաւաքոյթը որոշած էին այլ կերպ կատարել: Արդարեւ, մասնաճիւղի պատասխանատուներուն նախաձեռնութեամբ, գայլիկներն ու արծուիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին թերաճ մանուկներու «Եանպուհ» միութեան կազմակերպած քայլարշաւին, որ ընթացք առաւ Ժիւնիէի քաղաքապետարանի դաշտէն: Ժամը 9:30-ին քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ թերաճ փոքրիկներուն եւ Թոնի Պարուտի: ՀՄԸՄ Ժիւնիէի գայլիկները առիթ ունեցան հանդիպելու քաղաքապետին` Նաամթալա Ֆրեմի, եւ անոր հետ յիշատակի լուսանկար ունենալու: Ապա քայլարշաւը շարունակուեցաւ դէպի Շիր հրապարակը, ուր երգիչ Թոնի Հաննա կատարեց քանի մը երգեր, նաեւ քաջալերեց քայլարշաւին մասնակից կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք ամէն տեսակ խտրականութենէ վեր բարձրանալով միացած էին մարդասիրական սոյն ծրագիրին:
Ապա Ժիւնիէի մասնաճիւղէն քայլարշաւին մասնակցած 23 գայլիկ-արծուիկները` վարչութեան անդամներուն եւ Սկաուտական խորհուրդին գլխաւորութեամբ վերադարձան ակումբ, ուր իրենց բացատրուեցաւ օրուան խորհուրդը, թէ ինչպէս պէտք է նեցուկ կանգնիլ իրենց տարեկից, սակայն յատուկ պարագայ եղող, որոշ թերութիւններ ունեցող մանուկներուն: Նաեւ անոնց փոխանցուեցաւ, որ այդ քայլարշաւին մասնակցելով իրենք գործնականօրէն կատարած են գայլիկական խոստումի կէտերէն մէկը` «Գործել բարիք մը ամէն օր»:
ՀՄԸՄ ԺԻՒՆԻԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ