ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

Կիրակի, 8 մայիսի երեկոյեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ու Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԲԸՄ-ՀԵԸ) անդամներն ու համակիրները ժամադրուած էին կարեւոր յոբելեանի մը տօնակատարութեան: Ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80-ամեակը (1931-2011)` ՀԲԸՄ-ի մարզադաշտին վրայ, Նաքքաշ: ՀԵԸ-ի 80-ամեակի  մարզահանդէսի բացման յայտարարութենէն  ետք  փողերախումբին ընկերակցութեամբ 80-ամեակի զինանշանով, Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի դրօշակներով դէպի մարզադաշտ տողանցեցին  սկաուտական միացեալ խումբերը, դրօշակակիրները, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու (Դարուհի Յովակիմեան, Նազարեան, Կարմիրեան)  աշակերտներն ու համալսարանականներու  համախմբումը: Նմանապէս, թատերական թէ պարախումբի յատուկ տարազներով  մարզադաշտ ներկայացան թատերախումբի եւ պարախումբի անդամները, պասքեթպոլի, Ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ թէյքուանտոյի մարզիկները: Ապա ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգները:

Օրուան խօսքը  արտասանեց ՀԲԸՄ-ի փոխ նախագահ, ՀԵԸ-ի ատենապետ` Կարօ Ճըղըլեան: Նախ արաբերէնով ու ապա հայերէնով  արտասանած իր խօսքին մէջ  Ճըղըլեան վեր առաւ  ՀԲԸՄ-ի ու յատկապէս` ՀԵԸ-ի 80-ամեայ հիմնական իրագործումները: Ան բարձր գնահատեց կատարուած ու կատարուող ճիգերը` ընդգծելով, որ անոնք ի սպաս են հայրենիքի ու հայութեան  յառաջդիմութեան: Ճըղըլեան այս առիթով կոչ ուղղեց գործակցութեան` միասնաբար  պայքարելու համար հայութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու ջահը, զօրակցելու Հայաստանին ու Լիբանանին: «Մենք եկած ենք անգամ մը եւս ձեռք-ձեռքի, մեր բոլոր կուսակցութիւններով միասնաբար գործելու ի շահ հայութեան: Եկէք միասնաբար յաղթահարենք սփիւռքի դժուարութիւնները եւ իրականացնենք  մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու երազը», եզրափակեց Ճըղըլեան:

Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական  յայտագիր, ուր անջատ ելոյթներ ունեցան սկաուտական միաւորները, պարախումբը եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտները:

Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք  0567 թիւը կրող տոմսը շահեցաւ «շեվրոլէ »  տիպի 2011  ինքնաշարժ  մը:

Վերջին բաժինով  ներկայացուեցաւ ՀԲԸՄ-ի պատմութիւնը ներկայացնող  սահիկներու  արխիւային ցուցադրութիւն` պատրաստութեամբ  բեմադրիչ  Վարդան Մկրտիչեանի:

 

Share this Article
CATEGORIES