Ժրայսաթի Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Դեսպան Ալի եւ Ժրայսաթի

Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքներուն:

Հանդիպումէն ետք Ալի շեշտեց աշխատանքի նախարարութեան հետ գործակցութիւնն ու համադրումը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` բարելաւելու համար սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:

Ալի նշեց, որ Սուրիոյ տագնապը կը հարուածէ երկրին կառոյցը, մեքանիզմը, դերակատարութիւնն ու դիրքը` աւելցնելով, որ Սուրիա հասած զինեալները տարբեր քաղաքացիութիւններ ունին եւ անոնք կը փորձեն հարուածել Սուրիոյ ընկերային հիւսուածքը:

Ալի մաղթեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը չքաղաքականացուի, որպէսզի այդ թղթածրարը չբարդանայ:

Սուրիոյ դեսպանը հաստատեց, որ Սուրիա կարողութիւն ունի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումները մաքրագործելու:

Ալի նաեւ շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իրենց քաղաքացիները վերադարձնելու Սուրիա:

 

Share this Article
CATEGORIES