Ժորժ Ապտալլայի Դատավարութիւնը Մէկ Ամիսով Յետաձգուեցաւ
Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Ապտալլայի դատավարութիւնը մէկ ամիսով յետաձգուեցաւ ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն կողմէ, առանց որեւէ պատճառաբանութեան:
Ապտալլայի դատին զօրակցող երիտասարդներ եւ ուսանողներ, որոնք երէկ հաւաքուած էին ֆրանսական դեսպանատան դիմաց, զայրոյթի պահեր ապրեցան եւ իբրեւ հետեւանք փորձեցին շրջանցել դեսպանատունը շրջափակող փշաթելերը:
Այդ քայլը պատճառ դարձաւ, որ ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումներ արձանագրուին:
29 տարիէ ի վեր ֆրանսական բանտերուն մէջ գտնուող Ապտալլայի հարազատները Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեցին օգտագործել իր գերիշխանութեան շրջագիծին մէջ գտնուող իրաւունքները:
Թանգարանի շրջանին մէջ կատարուած նստացոյցը կազմակերպած «Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումը պահանջող միջազգային արշաւ»-ի անդամներուն մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով Պասսամ Քանթար յայտնեց, որ լիբանանեան պետական պատուիրակութիւն մը պէտք է կազմուի եւ Փարիզ այցելէ` Ապտալլայի ազատ արձակումը պահանջելու համար:
Պատուիրակութեան անդամները մաղթեցին, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին արդէն իսկ նման որոշում մը տայ: