Ֆրանսայի Նախագահը Ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթը

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ  երէկ Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել Սուրիոյ տագնապէն եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ եւրոպական յստակ կեցուածք մը որդեգրելու:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք պէտք է մտածէ ընտրութիւններուն ընթացքին անձնական յաղթանակներու կերտման մասին:

Միւս կողմէ, «Անպա» թերթի իր շաբաթական յօդուածին մէջ, Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Սուրիոյ տիւրզի համայնքին աշխարհազօրին մաս չկազմելու, այլ միանալու սուրիական յեղափոխութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )