Պըրրի Կը Շարունակէ Ընտրական Նոր Օրինագիծ Մը Մշակելու Ջանքերը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպը` ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան հարցերու նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր:
Շեհայէպ յայտնեց, որ կարեւորը այն է, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը վերադառնայ իր աշխատանքներուն եւ կարելի ըլլայ յաւելեալ հասարակ յայտարարներու հասնիլ` յանգելու համար ընտրական վերջնական օրէնքի մը:
Շեհայէպ շեշտեց, որ Պըրրիի հետ խորհրդակցութիւնն ու գործակցութիւնը նորութիւն մը չէ, այլ` այդ կապը եղած է մնայուն եւ անիկա կրնայ խորհրդարանին յարկին տակ լուծման մը յանգիլ:
Շեհայէպ անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ շինիչ քննարկում կատարել, որպէսզի լուծում մը գտնուի: Ան աւելցուց, որ կարելի չէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն միջեւ խտրութիւն դնել` աւելցնելով, որ պէտք չէ քաղաքական կողմ մը երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ արդէն իսկ յաղթանակ արձանագրած ըլլայ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Թոնի Սլէյման Ֆրենժիէ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը` վարչական եւ արդարութեան հարցերու, ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 30 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուի ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբին տեղեկագիրը:
Միւս կողմէ, Պըրրի զարմանք յայտնեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին հրաւէրին մասին հակազդեցութիւններուն համար. ան նշեց, որ ընտրական օրինագիծ մը քննարկելու առումով խորհրդարանական ենթայանձնախումբին բանավէճը պատասխանատու կեցուածք չի դրսեւորեր` աւելցնելով, որ ինք ձեռնածալ պիտի չմնայ այդ իմաստով:
«Ո՛վ որ կը կարծէ, թէ ժամանակ անցընելով կարելի պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարել, չարաչար կը սխալի», ըսաւ Պըրրի: